«ՖԻՖԱ»-ն Յիմար Ծերուկներու Հաւաքատեղի Է» Կ՛ըսէ Ուրուկուէյի Նախագահը
Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիքա, անդրադառնալով Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լուիս Սուարեսի որակազրկման հարցին, ըսած է հետեւեալը.
«ՖԻՖԱ»-ն ծերուկներու… (անպարկեշտ արտայայտութիւն) հաւաքատեղի մըն է: Յիմարները միայն կրնան որակազրկել Սուարեսը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ աչք խփել ցեղապաշտական բնոյթ կրող յայտարարութիւններուն», ըսած է ան:
Նշենք, որ Ուրուկուէյի նախագահը, որ յայտնի է իբրեւ աշխարհի ամէնէն աղքատ նախագահը, կ՛ապրի փոքրիկ գիւղակի մը մէջ, հրաժարած է թիկնապահներ ունենալէ, ունի բաւական հին ինքնաշարժ մը եւ կ՛ապրի միայնակ:
CATEGORIES Մարզական

