Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչինի` Իտալիոյ Նոր Մարզի՞չ…

3006manciniԻտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ» մարզական օրաթերթին համաձայն, Կալաթասարայի նախկին մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի նախնական համաձայնութիւն տուած է Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը գլխաւորելու առնչութեամբ:

Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, նոր պաշտօնը ստանձնելու պարագային, ֆութպոլի մասնագէտին աշխատավարձը նկատելի նուազում պիտի կրէ:

Նշենք, որ 2014-ի Մոնտիալի ֆութպոլի մրցաշարքին իր ելոյթները աւարտելէ ետք, Իտալիոյ մարզիչ Չեզարէ Փրանտելլի ներկայացուց իր հրաժարականը:

Share this Article
CATEGORIES