Ճատրակ. Ֆայսալ Խէյրալլա Տիրացաւ Տիտղոսին

Ֆայսալ Խէյրալլա
Նախորդ շաբաթավերջին «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին (Ժընահ, Պէյրութ) «Կալերիա» սրահին մէջ աւարտեցաւ Լիբանանի ճատրակի դասական ախոյեանութիւնը, որ կազմակերպուած էր Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ:
Իր կատարած վերջին մրցումին, Ֆայսալ Խէյրալլա հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք լիբանանեան բանակի ախոյեան Ժամալ Շամիէի հետ, տիրացաւ տիտղոսին` ապահովելով 8 կէտ: Ան այսպիսով վերջին տասը տարիներուն, հինգերորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:
7 կէտով 2-րդ դիրքը գրաւեց Ամրօ Ժաուիշ, մինչ 6,5-ական կէտ ապահովելով 3-րդ դիրքին վրայ յայտնուեցան Ահմետ Նաժժար, Պասել Շարաֆ եւ Իպրահիմ Շահրուր:
Ախոյեանութեան մասնակցեցան 12 ճատրակ խաղացողներ: Գլխաւոր իրաւարարն էր Չարլզ Քէյլի:
CATEGORIES Մարզական

