2014-ի Մոնտիալ. Ֆրանսա Եւ Գերմանիա Ապահովեցին Իրենց Տոմսերը. Այսօր Կը Յստականան Իրենց Տոմսերը Ապահովող Վերջին Երկու Խումբերը

Գերմանիոյ առաջին կոլը նշանակած Անտրէ Շիւրլէ

Գերմանիոյ առաջին կոլը նշանակած Անտրէ Շիւրլէ

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր կը յստականան անունները այն վերջին երկու խումբերուն, որոնք պիտի ապահովեն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը, երբ տեղի ունենան այդ մրցումները` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

  ԺԱՄ
Արժանթին – Զուիցերիա 19:00
Պելճիքա – Միացեալ Նահանգներ 23:00

Երէկ երեկոյեան «Էսթատիօ Նասիոնալ տը Պրազիլի»-ի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսա – Նիկերիա մրցումը աւարտեցաւ առաջինին` Ֆրանսայի յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 0-0): Ֆրանսայի կոլերը նշանակեցին Փոլ Փոկպա (79-րդ) եւ Ժոզեֆ Եոպօ (90-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ):

Շուրջ 68 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Մարք Կայկըր (Միացեալ Նահանգներ):

Քառորդ աւարտականին Ֆրանսա իր դէմ պիտի ունենայ Գերմանիան, որ երէկ ուշ գիշերին ապահովեց իր տոմսը` դժուարութեամբ 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ալճերիոյ:

Նկատի ունենալով, որ մրցումին 90 վայրկեանները աարտեցան 0-0 արդիւնքով, դիմեցին երկարաձգումի:

92-րդ վայրկեանին Անտրէ Շիւրլէ նշանակեց Գերմանիոյ եւ մրցումին առաջին կոլը, իսկ Մեսութ Օզիլ` Գերմանիոյ երկրորդ կոլը (119-րդ): Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (121-րդ), Ապտել Մումենէ Ժապու նշանակեց Ալճերիոյ քիչ մը ուշացած կոլը, որ մրցումին արդիւնքը չփոխեց եւ Գերմանիա տարաւ վերջնական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով:

Մրցումին իրաւարարն էր պրազիլցի Սանտրօ Մէյրա Ռիքքի:

 

Share this Article
CATEGORIES