Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Առանձին աշխատիլը եթէ անհաճոյ կամ ձանձրալի կը թուի ձեզի, այն ատեն միացէք ձեր գործակիցներուն, միասնաբար կատարելու ստանձնուած աշխատանքը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ընտանեկան յարկը պիտի աճի եւ բարգաւաճի նոր ծնունդով մը: Երջանիկ պիտի զգաք դուք ձեզ, որովհետեւ այսօր պիտի կարենաք երջանկանալ փոքր, բայց կենսական նորութեամբ, նոր շնչառութեամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հոգեկան գոհունակութիւն պիտի ունենաք, թէ կրցած էք լաւագոյնը իրագործել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի մասնակցիք հաւաքական հանգանակութեան մը` օգտակար ըլլալու համար լքեալի մը կամ նոր գործ սկսողի մը: Սիրով մասնակցեցէք բարեսիրական գործի մը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ծրագիրներուն մասին ոչինչ ըսէք ձեր շրջապատի անձերուն: Նախ յաջողցուցէք ծրագիրը, ապա ուրիշներ կը խօսին այդ մասին: Համբերեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրուան ընթացքին պիտի լսէք դրական եւ ժխտական տեղեկութիւններ կարգ մը հարցերու եւ անձերու մասին: Պիտի զարմանաք, նոյն ատեն անտարբեր պիտի մնաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
«Ինչ որ ցանես, այդ կը հնձես» ասացուածքը ճշմարտութիւն է: Անցեալի ձեր ցանած սերմերը պտուղ պիտի տան, հետեւաբար ձեր յոգնութիւնը պիտի մոռնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երկու անձերու միջեւ անհասկացողութիւն մը պիտի լսէք, որ թիւրիմացութիւն է պարզապէս: Երբ նոյն խնդիրէն տեղեակ էք, կրնաք բարեխօսութեամբ լուծել հարցը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տնային գործիքներու կամ սարքերու խանգարում մը ձեզ պիտի մտահոգէ, ստիպողաբար ձեր ժամանակին մեծ մասը պիտի տրամադրէք հարցին լուծման:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք ձեր լսած տեղեկութիւններուն, որոնք անհիմն են: Այս պարագային կարեւոր է հանդարտ կեցուածքը, որ երեւան կը հանէ բարին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարճատեւ տեղափոխութեամբ ձեր քաղաքէն դուրս պիտի ելլէք` ձեր ասպարէզին առնչուած գործեր իրականացնելու: Նոր դէմքերու հետ եղէք պաշտօնական:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամառնային եղանակը միշտ կը սպասուի, օգտուելու համար նախ ծովէն, ապա մրգաստաններու բարիքներէն: Անտարբեր մի մնաք այսպիսի գեղեցկութեան դիմաց, այս իրողութեան հաղորդակից ըրէք մանուկները, պատանիները:

