50 Տարի Առաջ (2 Յուլիս 1964)

Առանց Ձեռնոցի…

Կոստան Զարեանի պարագան ընդվզեցուցիչ է` արարքին տարողութեա՛մբը. պատմական ճշմարտութիւններու գլխիվայր շրջումով եւ բարոյական ըմբռնումներու հանդէպ արհամարհոտ ու անձնապաւէն կեցուածքով:

Վաւերական գրագէտ մըն է, որ կ՛ապասերի: Հայաստանի գոյապայքարին տեղեակ, տուեալ ժամանակաշրջանի դէպքերուն, ապրումներուն եւ իրադրութեանց եթէ ոչ մասնակից` սակայն հաղորդակից մտաւորական մը, որ «ո՛ւր հաց` հոն կա՛ց»-ի ստրկամտական բանավարութեամբ, ԻՆՔԶԻՆՔ ԺԽՏԵԼՈՒ յօժարակամութիւնը ցոյց կու տայ: Երէկուան սեւը… սպիտա՜կ կը տեսնէ, ու սպիտակը` սեւ: Լեռ բարձրացուցած «նաւը» կը բերէ ճահիճ…

Չենք դադրիր յարգելէ գաղափարական հակառակորդը, իր համոզումներուն հաւատացող թշնամին, խորապէս տարակարծիք ոեւէ մարդ: Կարեւորը հաւա՛տքն է եւ համոզումը:

Կ՛ընդունինք նաեւ, որ մարդիկ մի՛շտ իրաւունքը ունենան ուղղելու իրենց սխալները. սրբագրելու` իրենց տեսակէտներն ու կարծիքները. նո՛յնիսկ` քաղաքական եւ գաղափարական իրենց համոզումներուն մէջ… աջէն ձախ անցնելու: Կարեւորը հաւատքն է եւ մտածման անկախութիւնը:

Չենք կրնար հանդուրժել սակայն, որ պատմական ճշմարտութիւններ խեղաթիւրուին կամ աղօտին` «սրբագրութեան» կամ «մաքրաջրումի»-ի պատրուակով: Գիտակցական տարիքի մէջ եւ անմիջական ծանօթութեամբ գոյացած եզրակացութիւններ` Հայաստանի անկախութեան ու հայ ժողովուրդի ոգորումներուն առնչակից, «Նաւը լերան վրայ» հատորի 1943-ի հրատարակութեան մէջ գրի առնուած են այնպէ՛ս, ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ ԵՆ ու երբ քսան տարի ետք, հեղինակին Հայաստան ներգաղթովը, գլխիվայր կը շրջուին անոնք, իրականութիւնները չե՜ն, որ կը փոխուին անշուշտ, այլ` զանոնք գրականութեան եւ հանրութեան փոխանցող «պատմիչ՛ը»…

Ի՛նչ բացատրութիւն կամ ի՛նչ տարազ ալ որ փնտռէ Զարեան` արդարացնելու համար շուկայիկ նկարագիրը իր նենգափոխութիւններուն, չի դադրիր հացկատակային հետամտութիւններու ձախորդ ախոյեան մը ըլլալէ:

Չէք կրնար գտնել ոեւէ հայ մարդ, ընդհանրապէս արտասահմանի ու մանաւանդ հայրենիքի մէջ, որ չըմբռնէ ուրացման եւ խաթարումի բո՛ւն պատճառը:

Վստահ ենք, որ գարշանքի եւ արգահատանքի զգացումով համակուած է Հայաստանի եւ գաղթաշխարհի մտաւորականութիւնը, ու սահմանէն անդին թէ ասդին` հայ ժողովուրդը վիրաւորուած կը զգայ ազգային իր արժանապատուութիւնը:

Եթէ երեւոյթն է, որ մտածել պիտի տայ մեզի, պիտի ըսենք ուրեմն` առանց ձեռնոցի, որ հայրենիք դարձի կամ անհատական կեանքի ապահովութեան փնտռտուքը պատճառ կը դառնայ շատերու նկարագրային սայթաքումին, Հայաստանի կուսակցական իշխանութեան կամ տիրող վարչակարգին հանդէպ քծինքի եւ ստրկամիտ հաճոյակատարութեան, ու կը խորացնէ մեր մէջ այն ցաւագին համոզումը, թէ մտաւորական քաջութիւնը եւ հաւատքի անկեղծութիւնը տեղի կու տան նիւթին, ապրուստի մտահոգութեան, դիրքի ու փառքի հետամտութեան առջեւ:

Եւ հո՛ս է բուն վտանգը` ազգային բարոյականութեան տեսակէտով:

Այս նուաստութեան մէ՛ջ է, որ կը մեռնի ժողովուրդ մը:

Զարհուրանքո՜վ կը հաստատենք, յատկապէս` վերջին երկու տասնամեակներուն, որ երէց թէ երիտասարդ կարգ մը «մտաւորական»-ներ չեն վարանիր մանրանալու փոր մը հացի կամ երեսուն արծաթի համար: Ո՛չ միայն կը ստրկանան անձնապէս, այլեւ ոճիր կը գործեն հաւաքական մեր բարոյականութեան դէմ` պատմութիւնը եղծանելով, նուիրականութիւններ անարգելով ու խաթարելով հանրային կարծիքը:

Ու մենք կը զարմանա՜նք տակաւին, որ հարցնողներ կան, թէ ինչո՛ւ այսքան կիրք կուտակուած է մեր կեանքին մէջ, ինչո՛ւ կարելի չ՛ըլլար համաձայնիլ նոյնիսկ… պատմութեան եւ պատմական ճշմարտութիւններու մասին:

Պօղոս Սնապեանի գործը վկայութիւն մըն է այն անլուր ողբերգութեան մասին, զոր ազգովին կ՛ապրինք այսօր, Կոստան Զարեանի եւ անոր պատեհապաշտական «հայրենասիրութեան» ճամբով փառքի մուրացկանութեան հետամուտ գրիչներու դերակատարութեամբ:

Պէտք է կարդալ «Աւազախրած նաւը»` իր ամբողջութեա՛ն մէջ. էջ առ էջ ու տող առ տող: Եթէ տամկանա՛ն իսկ ձեր աչքերը ի տես «հայ մտաւորական»-ի ճահճացումին, պէ՛տք է հաշտուիք անփառունակ իրականութիւնը ճանչնալու ստիպողութեան հետ: Անցա՜ւ կոյր սէրերու, գոց սորվուած համարումներու, երկիւղա՜ծ վստահութեան շրջանը: Ժամանակը եւ փորձառութիւնը ցոյց տուին, թէ «ձոյլ ոսկի» կարծուածը… պղի՜նձ ու թիթեղ է եղած յաճախ:

Տաղանդէն առաջ` նկարագի՛րը: Գրականութենէն առաջ` հա՛յը: Թոյլ չտանք, որ Փոքր Ածուն «հատավաճառաց» կրպակի վերածուի…

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES