«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմին Առաջին Հանգրուանը Եւ Հայութեան Դիրքորոշումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Գաղթական կին մը ապահովութեան ուժերէն սիրտ առած կը հեռանայ տունէն (23 մայիս 1975-ին)

Գաղթական կին մը ապահովութեան ուժերէն սիրտ առած կը հեռանայ տունէն (23 մայիս 1975-ին)

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկիզբ առած էր 13 ապրիլ 1975-ին, Այն Ռըմմանէի դէպքով: Փաղանգաւորներու եւ պաղեստինցի ֆետայիներու միջեւ քանի մը օրուան կռիւներէ ետք, ապրիլ 16-ին զինադուլ հաստատուեցաւ:

Մէկ ամսուան համեմատական հանդարտութենէ ետք, մայիսի կիսուն, պաղեստինեան Թէլ Զաաթարի գաղթակայանին մօտիկ Տըքուանէի շրջանը թատերաբեմ դարձաւ հրացանաձգութիւններու եւ պայթումներու, որոնք մայիս 19-էն 20 լուսցող գիշերուան ընթացքին սաստկացան:

Հինգշաբթի, մայիս 22-ին, կռիւները սաստկացան Տըքուանէի մէջ, որ իսկական ռազմադաշտի վերածուեցաւ: Սին էլ Ֆիլի բնակիչներէն կազմուած զինեալ ջոկատներ օգնութեան փութացին Տըքուանէի բնակիչներուն, որոնք յարձակման անցան Թէլ Զաաթարի ուղղութեամբ, մինչ ներքին ապահովութեան ուժերը թնդանօթի բռնեցին Տըքուանէի բոլորակին վրայ գտնուող Սալոմէ շէնքը, ուր ապաստան գտած էին մեծաթիւ ֆետայիներ: Հակադարձելով` Թէլ Զաաթարէն ֆետայիներ ռմբակոծեցին Տըքուանէն, Սին էլ Ֆիլը, Էշրեֆիէն, Պուրճ Համուտը, Տորան եւ Մար Եուսեֆը:

Ուրբաթ, մայիս 23-ին, մինչ կացութիւնը ժամ առ ժամ կը ծանրանար, նախագահ Սիւլէյման Ֆրենժիէ կազմեց ութ հոգինոց զինուորական կառավարութիւն մը` զօրավար Նուրէտտին Ռիֆայիի վարչապետութեամբ:

Այդ օր Շիահ, Այն Ռըմմանէ, Ֆըրն Շըպպէք, Հազմիէ, Էշրեֆիէ, Սիուֆի, Սայֆի, Մասլախ, Պուրճ Համուտ, Նապաա, Սին էլ Ֆիլ, Թէլ Զաաթար, Ժըտէյտէ, Մար Եուսեֆ եւ Տորա ռազմադաշտի վերածուեցան:

Պուրճ Համուտի յարակից շրջաններէն հրացանաձգութիւններ լսուեցան, որուն պատճառով բոլոր խանութները փակուեցան եւ թաղերուն մէջ տեսնուեցան զինեալ անձեր, որոնք անկիւնադարձերուն վրայ կ՛ուզէին դիրքեր գրաւել:

Մայիս 26-ին զինուորական կառավարութիւնը իր հրաժարականը ներկայացուց նախագահ Ֆրենժիէի, որմէ ետք, մայիս 28-ին Ռաշիտ Քարամէ վարչապետ նշանակուեցաւ:

Մայիս 30-ին Պէյրութի կեդրոնական գօտին ռազմաճակատի վերածուեցաւ: Շուկաները փակուեցան եւ զինեալ տարրեր դիրքեր հաստատեցին շրջանին մէջ:

Շուրջ երեք շաբթուան համեմատական հանդարտութենէ ետք, յունիս 24-ին Շիահի մէջ կռիւները վերսկսան, որոնք հետզհետէ սաստկացան եւ արձակազէններ հրապարակ իջան: Շիահի եւ Այն Ռըմմանէի միջեւ, թաղէ թաղ հրացանաձգութիւններ եւ հրթիռարձակումներ սկսան: Յունիս 30-ին վարչապետ Քարամէ կազմեց հաշտութեան դահլիճը:

Թրիփոլիցի 14 պատանդներուն դիակները (7 սեպտեմբեր 1975-ին)

Թրիփոլիցի 14 պատանդներուն դիակները (7 սեպտեմբեր 1975-ին)

Երկու ամսուան համեմատական հանդարտութենէ ետք, սեպտեմբերի սկիզբը Թրիփոլի թատերաբեմ դարձաւ սաստիկ բախումներու եւ առեւանգումներու: Սեպտեմբեր 7-ին թրիփոլիցի 14 պատանդներ Շեքքայի մօտակայքը սպաննուեցան զղարթացիներու կողմէ, որմէ ետք Թրիփոլիի եւ Զղարթայի բնակիչներուն միջեւ բախումները սաստկացան:

Սեպտեմբեր 11-էն 12 լուսցող գիշերուան ընթացքին Պէյրութի մէջ կռիւները վերսկսան եւ բազմաթիւ բնակարաններ, վաճառատուներ, խանութներ եւ ինքնաշարժներ կողոպուտի ենթարկուեցան: Յաջորդող օրերուն բախումները սաստկացան եւ տարածուեցան տարբեր թաղամասեր: Բազմաթիւ փողոցներ փակուեցան եւ ամէն կողմ աւազի պարկերով պատնէշներ բարձրացուեցան:

Քանի մը օրուան սաստիկ կռիւներու ընթացքին, Պէյրութի կեդրոնական շուկան աւերուեցաւ, կողոպտուեցաւ եւ տարիներու քրտինք ու վաստակ մոխիրի վերածուեցան: Կեդրոնական շուկային կարեւոր մէկ համեմատութիւնը հայերուն կը պատկանէր, իսկ Մաարատի մօտակայքը կար Սուք էլ Արմանը: Յատկապէս կօշիկի եւ պայուսակի վաճառատուները մեծ մասամբ հայերուն կը պատկանէին: Հայերու պատկանող բազմաթիւ վաճառատուներ, գործատեղիներ եւ աշխատանոցներ անհետացան:

Զինեալ տարրեր Շիահի մէջ (17 սեպտեմբեր 1975-ին)

Զինեալ տարրեր Շիահի մէջ (17 սեպտեմբեր 1975-ին)

Պուրճ Համուտի մէջ, հայ պահակ տղաք գիշեր-ցերեկ կը հսկէին հայկական թաղերու ապահովութեան, արգելք հանդիսանալով յատկապէս Նապաայէն օտար զինեալ տարրերու ներթափանցումին:

Հոկտեմբեր 14-էն 15 լուսցող գիշերուան ընթացքին սաստիկ բախումներ սկսան Թէլ Զաաթարի, Տըքուանէի, Նապաայի եւ Պուրճ Համուտի մէջ: Առաւօտ կանուխ ժամերէն արձակազէններ դիրքեր բռնեցին Նահրի պողոտային վրայ, իսկ Նապաա տանող ճամբուն վրայ մեծ շարժումներ նկատուեցան:

Պուրճ Համուտի կարգ մը թաղերու մէջ բազմաթիւ բախումներ ահազանգի մատնեցին բնակչութիւնը: Գնդացիրներու փամփուշտները եւ հրթիռները մեծ թիւով վիրաւորներ խլեցին:

***

Քաղաքացիական պատերազմին նկատմամբ լիբանանահայութեան կեցուածքը յստակացնելու նպատակով, հոկտեմբեր 6-ին հայկական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ պատուիրակութիւն մը այցելեց Սաէպ Սալամի եւ անոր պարզեց հայութեան դիրքը լիբանանեան տագնապին մէջ եւ այն քաղաքականութիւնը, որուն հետեւեցաւ հայութիւնը, հակամարտութիւնները մեղմելու, բախումներուն չմասնակցելու եւ տիալոկի ճամբով բոլորին գոհացուցիչ լուծում մը գտնելու առաջադրանքով:

Յաջորդ օր պատուիրակութիւնը այցելեց Քամիլ Շամունի եւ յայտնեց, որ հայութիւնը կը մերժէ վէճի եւ հակամարտութեան ենթակայ խնդիրներու բռնութեամբ եւ ուժի գործածութեամբ լուծումը:

Հոկտեմբեր 9-ին եւ 10-ին պատուիրակութիւնը յաջորդաբար այցելեց Քամալ Ժոմպլաթի եւ Եասէր Արաֆաթի: Երկու տեսակցութեանց ընթացքին պատուիրակութիւնը պարզեց հայ համայնքին դիրքը` հարցերը փոխադարձ հասկացողութեամբ լուծելու առաջադրութեամբ: Խօսակցութեանց գլխաւոր նիւթը հանդիսացաւ Պէյրութի արեւմտեան հայաբնակ թաղերու ապահովութեան խնդիրը:

***

Հետաքրքիրներու բազմութիւն մը Պէյրութի Ուէյկան փողոցի ածխացած վաճառատուներուն առջեւ (13 հոկտեմբեր 1975-ին)

Հետաքրքիրներու բազմութիւն մը Պէյրութի Ուէյկան փողոցի ածխացած վաճառատուներուն առջեւ (13 հոկտեմբեր 1975-ին)

«Ազդակ», 23 հոկտեմբեր 1975-ի թիւով, «Լիբանանահայութեան կեցուածքը ներկայ տագնապին նկատմամբ» խորագիրով կը գրէր.

«ՀՅ դաշնակցութեան, ՍԴ հնչակեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելեց Քամիլ Շամունի, Եասէր Արաֆաթի, Իմամ Մուսա Սատրի, Սաէպ Սալամի, Փիեռ Ժեմայէլի, Քամալ Ժոմպլաթի, Ռեմոն Էտտէի եւ ուրիշ երեւելի անձնաւորութիւններու:

Այս այցելութիւններուն նպատակն էր` Լիբանանի քաղաքական շրջանակները` մասնաւորաբար, եւ հանրային կարծիքը` ընդհանրապէս, տեղեակ պահել հայ համայնքի միացեալ կեցուածքին շուրջ հանդէպ Լիբանանի ցաւալի իրադարձութիւններուն:

Երեք կուսակցութիւններու միացեալ պատուիրակութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց յիշեալ տեսակցութիւններու ընթացքին, որ լիբանանահայ համայնքը որոշած է ազգային միահամուռ եւ յստակ դիրքորոշումով դիմագրաւել փորձութիւնը, որուն մատնուած է երկիրը իսկական ճգնաժամ մը բոլորելով:

Հայութիւնը, իբրեւ մէկ համայնքը լիբանանեան հայրենիքին, բնականաբար մեծ շահագրգռութեամբ ու խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի կացութեան զարգացումին: Ինքզինք կը սեպէ անբաժան մէկ ամբողջութիւնը երկրին: Իր մորթին վրայ կը կրէ ցաւալի հետեւանքը արիւնալի բախումներուն: Ունի իր խօսքը վէճի ու հակամարտութեան առարկայ հարցերու շուրջ: Իր հայրենասիրական պարտքն ու քաղաքացիական գիտակցութիւնը կը մղեն զինք, որ իր ճիգն ու զոհողութիւնը չզլանայ բերելու տագնապի բարեյաջող լուծումին եւ միութեան ու խաղաղութեան վերահաստատումին երկրէն ներս:

Երեք կուսակցութեանց միացեալ պատուիրակութիւնը նաեւ շեշտեց, որ հայութիւնը հեռու է ինքնամփոփ ու մեկուսի կեցուածք մը ունենալէ: Ներգրաւուած է տագնապին եւ իր կարելի բոլոր միջոցներով կը նպաստէ անոր լուծումին, նպատակ ունենալով ազատ, գերիշխան ու ամբողջական Լիբանանի պահպանումը, միջ-համայնքային համերաշխ ու խաղաղ գոյակցութիւնը ազգային, ընկերային եւ քաղաքական առողջ հիմունքներու վրայ:

Հայ կուսակցութիւնները քաջ գիտակից իրենց ազգային-հայրենասիրական պարտաւորութեանց հանդէպ լիբանանեան հայրենիքին, իրենց վիճակուած դերը լաւապէս խաղալու համար նախ որոշեցին գործել համախորհուրդ, ապա որդեգրեցին հասարակաց կեցուածք մը, որ բնորոշուեցաւ դրական չէզոքութեամբ, որ մեկուսացում եւ խուսափում չի նշանակեր ամէն պարագայի: Հայ համայնքը անսկզբունք, անդէմ ու աննպատակ խմբաւորում մը չէ: Ան կողմ է լիբանանեան տագնապին մէջ: Կը վարէ ազգային-հայրենասիրական քաղաքականութիւն: Ան կառչած է գերիշխան ու ամբողջական Լիբանանի գոյութեան: Դէմ է միջ-համայնքային խռովութեանց, դաւանական բնոյթի բախումներու: Կը դատապարտէ նոյն երկրի քաղաքացիներուն միջեւ եղայրասպան կռիւներու մղուիլը` կրօնական թէ այլ պատճառներով: Կը մերժէ համայնքներու եւ քաղաքացիներու դասակարգումն ու անհաւասարութիւնը: Կը պահանջէ որ ներքին ամէն հակամարտութիւն լուծուի ոչ թէ բռնութեամբ ու քանդումով, այլ փոխադարձ զիջումով եւ իրար հասկացողութեամբ:

Երկրին յառաջդիմութեան համար անհրաժեշտ բարեկարգութիւնները իրականացուին խաղաղ տիալոկով, փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ, ժողովրդավարական լայն հասկացողութեամբ:

Մեկնելով սկզբունքային այս կեցուածքէն, հայ կուսակցութիւնները կոչ ըրին եւ կը շարունակեն գործել որպէսզի վերջ տրուի արիւնահեղութեան, աւերումներուն, դաւանական թշնամութեանց, որոնք ոչ մէկ հատուածին շահ կրնան բերել: Կիրքի եւ մոլեռանդութեան հրահրումը երկիրը կը տանի քանդումի, ազգային պառակտումի, որմէ գլխաւոր տուժողը պիտի ըլլայ Լիբանանը: Այդ պատճառաւ ալ, երեք կուսակցութիւնները, հակառակ ամէն տեսակի գրգռութեանց, աչալուրջ կերպով կը հսկեն որ հայութիւնը չներգրաւուի զինեալ բախումներու շրջագծէն ներս, որ կրակը աւելի եւս բորբոքելու պիտի ծառայէր միայն եւ, ամէն պարագայի տակ, աղէտ մը պիտի ըլլար ե՛ւ Լիբանանի եւ հայութեան համար: Այսուհանդերձ, տագնապին սկիզբէն մինչեւ այսօր, հայկական կամ հայաբնակ թաղամասերու ապահովութիւնը, մեր ժողովուրդին ֆիզիքական անվտանգութիւնը հանդիսացած են մեր հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը, որուն համար հայկական երեք կուսակցութիւնները կ՛ընեն իրենց կարելին: Հայութիւնը իր ձայնն ու ճիգը կը միացնէ Լիբանանի ժողովուրդի ու հողամասի միութիւնը, համերաշխութիւնն ու վերելքը ապահովելու կողմնակից բոլոր ուժերուն, որ համայնքի ալ պատկանին, ինչ դաւանանք ալ ունենան անոնք:

Մեր համայնքի այս տեսակէտն ու կեցուածքը յստակօրէն յայտնուեցաւ երկրին քաղաքական բոլոր շրջանակներուն եւ անոնց ղեկավար դէմքերուն, ընդհանրապէս արժանանալով անվերապահ գնահատութեան, ինչ որ կը պատուէ մեր համայնքի կեցուածքը եւ վկայել կու տայ հայութեան անկեղծ փարումը Լիբանանին, իր պատմութեան ծանրագոյն այս պահուն:

Այժմ անհրաժեշտ է, որ մեր համայնքի օգտաշատ այս կեցուածքը նոյն յստակութեամբ եւ միատարրութեամբ դրսեւորուի նաեւ ժողովրդական գետնի վրայ: Մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամ, լաւապէս իւրացուցած հայութեան տեսակէտը` իր խօսքով եւ գործով նպաստէ կիրքերու հանդարտեցման, իրար հասկացողութեան եւ եղբայրական ոգիի զօրացման աշխատանքին, պարզելով` որ հայութեան դիրքը կը ներշնչուի ճշմարիտ հայրենասիրութենէն, Լիբանանի հիմնական շահերէն եւ այս գեղեցիկ հայրենիքին գոյութիւնն ու ապագան ապահովելու, աւելի շքեղ կերտելու ազնիւ մտահոգութենէն:

Մեր համայնքին համար ազգօգուտ եւ լիբանանեան հայրենիքին նկատմամբ հաւատարմական այս կեցուածքը, անոր ոգին ու նպատակը լաւ  է որ իրենց արտայայտութիւնը գտնեն մեր ամէնօրեայ հաւաքական կեցուածքով, մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամի լրջախոհ վերաբերումով միշտ եւ ամէնուրեք, խուսափելով անպատասխանատու ամէն արարքէ, չմտածուած կողմնակցութենէ եւ մակերեսային դատումներէ, որոնք մեր համայնքի պաշտօնական կեցուածքին շուրջ սխալ կարծիք ստեղծելէ բացի, կը վնասեն երկրին հանդարտութեան սատարելու մեր համազգային ճիգին:

Տարակոյս չունինք որ մեր համայնքը, իր ամբողջութեանը մէջ, կը գնահատէ հայ կուսակցութիւններու միացեալ կեցուածքին օգտակարութիւնը ամէն տեսակէտէ: Եւ իբրեւ կարգապահ ժողովուրդ ու շինարար տարր այս երկրին` ամբողջական նուիրումով եւ մէկ մարդու պէս հետեւելով առաջադրուած ուղղութեան, կը գործէ յօգուտ պաշտպանութեանը Լիբանանին ու մեր համայնքի շահերուն, որոնք անխզելի են իրարմէ»:

 

Share this Article
CATEGORIES