Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Ժամանակ» Օրաթերթի 100-Ամեակի Նշում`
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինին Մէջ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ:
Ողջոյնի եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռի արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Ասողիկ քհնյ. Կարապետեանը, որ արժեւորեց «Ժամանակ» օրաթերթին անցած ուղին` ընդգծելով պարբերականին ունեցած դրական ազդեցութիւնը պոլսահայ ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին վրայ:
Բանախօսութեամբ հանդէս եկան ՀԲԸՄ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Յովիկ Էօրտէքեանն ու Մայր Աթոռի պաշտօնական մամլոյ եւ հրատարակչական բաժիններու տնօրէն Շահէ վրդ. Անանեանը` մասնաւորապէս անդրադարձ կատարելով «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրութեան ու հարիւրամեայ գործունէութեան, նաեւ` ընդգծելով օրաթերթին ունեցած կարեւորագոյն տեղն ու դերը հայկական մամուլի կեանքին մէջ:
Այնուհետեւ «Ժամանակ»-ի լաւագոյն հրապարակումներէն ու հեղինակներէն` Զապէլ Եսայեանէն, Վահան Թէքէեանէն, Զահրատէն կատարուած ծաղկաքաղը կարդաց Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեանը: Անկէ ետք հայ եւ արեւմտաեւրոպական երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններով ելոյթ ունեցաւ նաեւ մայր տաճարին երգչախումբը` որպէս ձօն «Ժամանակ» օրաթերթին:
Հանդիսութեան ընթացքին իր խօսքը փոխանցեց նաեւ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանը: Գոհունակութեամբ անդրադառնալով «Ժամանակ»-ի 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն` Պոլսոյ եւ Հայաստանի մէջ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց յոբելեանի կազմակերպման նպաստած բոլոր անձերուն եւ կառոյցներուն` մեծ պատիւ նկատելով նաեւ այն, որ այդ հանդիսութիւններուն եզրափակումը տեղի կ՛ունենայ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հովանիին տակ` օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին: Իր խօսքին մէջ Ա. Գոչունեան ներկայացնելով օրաթերթին ստանձնած առաքելութիւնը` նշեց, որ հայ կեանքի քաղաքական, համայնքային, մշակութային անցուդարձերուն զուգահեռ, օրաթերթի էջերուն մէջ լայն տեղ կը տրուի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի գործունէութեան` միշտ ի մտի ունենալով հայ եկեղեցւոյ հայապահպան եւ հոգեւոր դերակատարութիւնը: Վերջին տարիներուն օրաթերթին նկատմամբ ցուցաբերած իր ջերմ վերաբերմունքի համար շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին` «Ժամանակ»-ի խմբագիրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին նուիրեց թերթի 100-ամեայ յոբելեանին առիթով պատրաստուած օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գոչունեանին կիսանդրին:
Հանդիսութեան աւարտին իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:
Սփիւռքի Ներկայացուցիչներու Համահայկական
5-րդ Համաժողովը Պիտի Գումարուի 19-21 Սեպտեմբերին
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ 27 յունիսին տեղի ունեցած է նախարարին կից ատեանի հերթական նիստը: Օրակարգի վրայ եղած են Հայաստանի կառավարութեան սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական չորրորդ համաժողովին տրուած առաջադրանքներու իրականացման վերաբերեալ հաշուետուութիւնը, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի քարտուղարութեան հաշուետուութիւնը, ինչպէս նաեւ ընթացիկ հարցեր:
Նախարարի խորհրդական Ս. Պետրոսեան նշած է, որ 2011-ին կայացած սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական չորրորդ համաժողովին յատուկ կերպով առանձնացուած են 64 ամփոփ առաջարկներ, որոնց իրականացումը եղած է ուղենշային` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան տարբեր ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման ատեն: Այդ աշխատանքները իրականացուած են համահայկական եւ համայնքային կառոյցներուն հետ համադրաբար: Աշխատանքներու իրականացման մասնակցած են Հայաստանի պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինները:
Վերջին 3 տարիներուն սփիւռքի հիմնախնդիրներու ուսումնասիրութեան նպատակով կատարուած են աւելի քան 15 հետազօտութիւններ, հրատարակուած է շուրջ 50 գիրք, որոնց կարգին` «Հայկական սփիւռք» տարեգիրքերու երեք հատոր: Կազմակերպուած է 10 գիտաժողով` նուիրուած հայկական սփիւռքի հիմնախնդիրներուն, սփիւռքի մասնագիտական ներուժի համախմբման, երիտասարդական հիմնախնդիրներուն: Կազմակերպուած է «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի գործունէութիւնը, գործադրուած է Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու համարկման երկու ծրագիր:
Կազմակերպուած են «Սփիւռքի համայնքային օրերը Հայաստանում» 2 ծրագիր, «Իմ Հայաստան» եւ «Կոմիտաս» փառատօները, սփիւռքահայ անհատներու մեծարման երեկոներ: Պատրաստուած են արեւմտահայերէնի միասնական դասագիրքեր, սփիւռքի կրթօճախներուն նկատմամբ ցուցաբերուած է մեթոտական, նիւթական աջակցութիւն, կազմակերպուած են ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիրներ, տրամադրուած է մեծ քանակութեամբ ուսումնական գրականութիւն: Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Համաշխարհային քոնկրեսին հետ կազմակերպուած են 8 անուանակարգով մրցանակաբաշխութիւններ: Օժանդակութիւն ցուցաբերուած է սփիւռքի մէջ 60 նոր միօրեայ դպրոցներու բացման: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ իրականացուած աշխատանքները ամփոփուած են վերջերս կայացած համաժողովին ընթացքին: Իրականացուող աշխատանքներուն մէկ մասը կը կրէ շարունակական բնոյթ:
Զեկուցողը նշած է, որ սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական հինգերորդ «Յարափոփոխ աշխարհի հայկական իրականութիւնը» խորագիրով համաժողովը պիտի կազմակերպուի 19-21 սեպտեմբեր 2014-ին:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական չորրորդ համաժողովին ներկայացուած առաջարկները պէտք է խմբաւորել եւ ճշդել աշխատանքային ուղղութիւնը, որուն համար պէտք է կազմել աշխատանքային խումբ, պատրաստել քննարկուող խնդիրներու թղթածրար եւ զայն բաժնել սփիւռքի գաղութներուն:
Նախարարութեան աշխատակազմի քարտուղարութեան հաշուետուութիւնը ներկայացուցած է քարտուղարութեան պետ Ա. Էլչիբեկեանը` նշելով, որ կառավարութեան կողմէ տրուած յանձնարարականները նախարարութիւնը կատարած է ժամանակին եւ ամբողջութեամբ:
Ամփոփելով նիստը` նախարար Յակոբեան նշած է, որ պէտք է աշխուժացնել համայնքներուն հետ աշխատանքը, փորձել կապ հաստատել նորաստեղծ, չէզոք գաղութներուն հետ եւ ծանօթանալ անոնց հարցերուն:
Ներկայացուած Է Մ. Պչաքճեանի «Երկերի
Լիակատար Ժողովածու»-ի 4-րդ Հատորը
Լոյս տեսած է սփիւռքահայ գրող Մովսէս Պչաքճեանի «Երկերի լիակատար ժողովածու»-ի 4-րդ հատորը: Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին ներկայ գրողներն ու գրականագէտները կարեւոր նկատած են Մովսէս Պչաքճեանի ստեղծագործութիւնները` խոստովանելով, որ գիրքը իւրայատուկ դեր ունի արդի սփիւռքահայ գրականութեան մէջ:
Երկերու լիակատար ժողովածուին մէջ տեղ գրաւած են տարբեր տարիներու թատրերգութիւններ եւ բանաստեղծութիւններ:
Գիրքը տպագրուած է Ռալֆ Եիրիկեանի հովանաւորութեամբ:
Ժասիկ Բունիաթեան-Ջառահեան
Տեսակցեցաւ Բակօ Սահակեանի Հետ
24-րդ անգամն ըլլալով Արցախ կը գտնուի Արցախի բարեկամ, բարերար, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի գործավար Ժասիկ Բունիաթեան-Ջառահեան:
Այցելութեան ծիրին մէջ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի անդամներուն հետ ան այցելեց Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող եւ Արցախի Ակնաբերդ եւ Աշան գիւղերուն մէջ գտնուող «Սօսէ» մանկապարտէզները, որոնց սաներուն նոր խաղալիքներ եւ համազգեստներ նուիրեց:
Այցելութեան ծիրին մէջ ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ, քննարկեց Ակնաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերանորոգման խնդիրը: Ըստ համաձայնութեան, յառաջիկային Ակնաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզը պիտի վերանորոգուի Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան միջոցներով:
Ժասիկ Բունիաթեան-Ջառահեան այցելեց նաեւ Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր քաղաքին մէջ վերջերս բացուած «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան արտադրամաս:
Այնուհետեւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի Քաշաթաղի մասնաճիւղային խումբին հետ Բերձորի մէջ ան այցելեց Բերձորի կարիքաւոր կարգ մը ընտանիքներու եւ նուէրներ բաժնեց անոնց:
2014 Թուականը Յայտարարուած Է Մուշեղ Իշխանի
Ծննդեան 100-Ամեակի Յոբելենական Տարի
Մուշեղ Իշխանի անուան թիւ 5 դպրոցին մէջ սկսած է հանդիսութիւններու շարք մը, որուն ծիրին մէջ կը նախատեսուի անոր նուիրուած տարբեր նախաձեռնութիւններ կատարել: Պիտի համախմբուի եւ ցուցադրուի Հայաստանի մէջ գտնուող եւ Մուշեղ Իշխանին վերաբերող բոլոր տեղեկութիւնները, նիւթերը, յօդուածներն ու գիրքերը:
Հիրոշիմայի Ողբերգութիւնը Խորհրդանշող
Խաղաղութեան Յուշաքար Երեւանի Մէջ
Ճափոնի Հիրոշիմա քաղաքի հիւլէական ռումբով ռմբակոծումէն 69 տարի ետք, 25 յունիս 2014-ին այդ ողբերգութիւնը խորհրդանշող Խաղաղութեան յուշաքար տեղադրուեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանին կից գտնուող մանկական զբօսայգիին մէջ: Յուշաքարը կը յիշեցնէ խաղաղութեան կարեւորութիւնը եւ խորհրդանշական քայլ է` հայ-ճափոնական յարաբերութիւններու ամրապնդման իմաստով:
Յուշաքարի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Ճափոնէն Հայաստան եկած պատուիրակութիւնը, Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ:
Ողջունելով ներկաները` Հայաստանի նախագահի օգնական Վարուժան Ներսիսեան նշեց, որ 2012 թուականին նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է Ճափոն, ուր բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման առնչուող փաստաթուղթ ստորագրուած է Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ:
Հայաստանի մէջ Ճափոնի փոխդեսպան, նախարար Թաքաշի Քուրային նկատել տուաւ, որ Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի վրայ հիւլէական ռումբի արձակումէն 69 տարի ետք, այսօր եւս Ճափոնի մէջ կան մարդիկ, որոնք կը տառապին հիւլէական ռմբակոծման հետեւանքներէն: «Նման բան այլեւս երբեք պէտք չէ կրկնուի: Հայաստանին նախաձեռնութեամբ տեղադրուող Խաղաղութեան յուշաքարը կը խորհրդանշէ Ճափոնի ժողովուրդին փափաքը` խաղաղութեան մէջ ապրելու, խաղաղ աշխարհ ունենալու` առանց պատերազմի, ցեղային, կրօնական, լեզուական եւ մշակութային խտրականութեան: Կը կարծեմ, թէ փոփոխական միջազգային իրավիճակին մէջ մեր երկու երկիրները կրնան համագործակցիլ խաղաղութեան հաստատման իմաստով», դիտել տուաւ փոխդեսպանը:
«Հիրոշիմայի խաղաղութեան յուշաքար» միութեան գլխաւոր քարտուղար Եոճի Օքամոթոն կարդաց Հիրոշիմայի քաղաքապետին ուղերձը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրանդ Պօղոսեանին` իւրաքանչիւր տարուան 6 օգոստոսին Հիրոշիմայի Խաղաղութեան յիշատակի այգիին մէջ կայացող ոգեկոչման արարողութեան մասնակցելուն համար:
«Հայաստան» Հիմնադրամը Խաչարձանի Մէջ
Բժշկական Կեդրոն Բացած Է
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Տաւուշի մարզի Խաչարձան գիւղին մէջ 27 յունիսին հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուած է նորակառոյց բժշկական կեդրոնին ու սրահին: Մօտ 60 միլիոն դրամ արժող ծրագիրը կեանքի կոչուած է արժանթինահայ Քալճիեան ընտանիքին հովանաւորութեամբ:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը եւ Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանը: Հիմնադրամին պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն ծրագիրի հովանաւորներ Հիլտա եւ Արթօ Քալճիեաններն ու արժանթինահայ այլ բարերարներ, գլխաւորած է գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:
Նորակառոյց կեդրոնին մէջ պիտի գործեն երկու բժշկական սենեակ, ընդունարան, տնտեսական սենեակներ եւ դահլիճ` նախատեսուած 40 հոգիի համար: Կառոյցը կահաւորուած է, ինչպէս նաեւ համալրուած` բժշկական եւ խոհանոցային ամբողջական սարքերով: Բժշկական կեդրոնին մէջ պիտի ընդունուին անյետաձգելի ծնունդներ, երեխաները եւ մեծահասակներ պիտի ենթարկուին սկզբնական հետազօտութեան, իսկ շաքարախտ ունեցողները ամիսը երեք անգամ քննութեան պիտի ենթարկուին եւ անոնց անվճար դեղեր պիտի ապահովուի: Բժշկական կեդրոնը պիտի սպասարկէ նաեւ հարեւան Աղաւնավանք գիւղի բնակիչներուն:
Խաչարձան համայնքի ղեկավար Գագիկ Շահնազարեան համայնքին կողմէ Քալճիեան ամոլին յանձնած է Խաչարձանի «Պատուաւոր քաղաքացի»-ի կոչման վկայագիր եւ ուրախութեամբ նկատել տուած է, որ մինչեւ վերջերս որպէս բժշկական կեդրոն օգտագործուող հինցած կառոյցը արդէն իսկ կարելի է փոխարինել նորով ու արդիականով:
«Հազարաւոր քիլոմեթրեր կտրած ենք հոս հասնելու համար, սակայն ասիկա ոչինչ է` բաղդատելով այն սիրոյն, զոր մենք ունինք մեր հայրենիքին ու հայրենակիցներուն նկատմամբ: Մենք որոշեցինք ստանձնել նաեւ գիւղի դպրոցի վերակառուցման ծրագիրը», յուզումով նշած է Արթօ Քալճիեան: Բարերար ամուսիններուն կողմէ դպրոցի 12 դասարաններու 65 աշակերտներուն նուիրուած են գրենական պիտոյքներ, դպրոցական պայուսակներ եւ այլ պարագաներ: Բժշկական կեդրոնի եւ սրահի ծրագիրը Քալճիեաններուն կողմէ իրականացուած երկրորդ ծրագիրն է Տաւուշի մարզին մէջ: Անցեալ տարի Դիտաւան գիւղին մէջ հինգ ջերմոցային տնտեսութիւն հիմնուած է այս ընտանիքին միջոցներով:
Սփիւռքի Նախարարը Պարգեւատրեց
Վեր. Պերճ Ճամպազեանը
Յունիս 26-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան «Պօղոս Նուպար» մետալով պարգեւատրեց վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանը:
Վեր. Պերճ Ճամպազեան ծնած է Երուսաղէմ, Զուիցերիոյ մէջ աւարտած է Պիթենպըրկ դպրոցի առաքելութիւններու եւ աստուածաբանութեան բաժինը, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցը: 1981-ին ստանձնած է Հոլիվուտի մէջ Միացեալ հայկական ժողովական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը եւ որոշ ժամանակ անց դարձած է աւագ հովիւ Միացեալ հայկական ժողովական եկեղեցւոյ մէջ, որուն ծառայած է շուրջ տասը տարի: 1984-ին Ճամպազեան յառաջացուցած է հոգեւոր մշակութային հեռուստաժամ հայ համայնքին համար: Ան մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է համայնքի աշխատանքներուն: Հանդիսացած է «Կլենտէյլ Մեմորիըլ Հոսփիթալ»-ի տնօրէններու խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Երիտասարդական քրիստոնէական միութեան տնօրէններու խորհուրդի անդամ: 2006-էն Սուրբ Երրորդութիւն հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադիր հովիւն է: Հայրենիքին հետ կապերը սկսած են 1988 թուականին, երբ վերապատուելի Ճամպազեան մարդասիրական օժանդակութեան նախաձեռնած է Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներուն համար:
Բարձր գնահատելով Պերճ Ճամպազեանին ներդրումը հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման ծիրին մէջ` նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. «Որպէս մարդ եւ քաղաքացի Պերճ Ճամպազեանը մեծ ներդրում ունի հայապահպանութեան իմաստով. իր որակով, իր տեսակով, իր արժեհամակարգով կրնայ շրջապատը ոգեւորել, հաւատք ներշնչել հայի, հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար` վեր. Ճամպազեան խոստովանեցաւ, որ պարգեւը անակնկալ էր. «Ես չէի կրնար ակնկալել նման բարձր պարգեւ, քանի որ հայրենիքի նկատմամբ իմ ծառայութիւնս եղած է բացառապէս որպէս ծառայ: Շատ ուրախ եմ, որ այս ոսկի առիթը տրուեցաւ ինծի: Որպէս Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ` մնայուն կերպով իմ նուիրումս, զօրակցութիւնս ցուցաբերած եմ հայրենիքին եւ մայր եկեղեցւոյ նկատմամբ: Հայրենասիրութիւնը պէտք է ունենայ նկարագիր` հոգեւոր եւ բարոյական: Առանց նկարագիրի` անիկա կը վնասէ հայրենիքին», յայտնած է վերապատուելին:

