Լոյս Տեսաւ «Sisters Of Mercy And Survival – Armenian Nurses (1900-1930)»

ՏՈՔԹ. ՍՈՆԱ ԲՈՒՉԻԿԵԱՆ-ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

0207_ArmenianNursesՏոքթ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլ հեղինակն է  «Sisters of Mercy and Survival: Armenian Nurses (1900-1930)» գիրքին, որ հրատարակուեցաւ 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանին կողմէ, Անթիլիաս, Լիբանան:

Գիրքը կը բաղկանայ շուրջ 530 էջերէ, 12 գլուխներէ եւ բազմաթիւ նկարներէ, 13 տարբեր բաժիններու մէջ:

Գիրքին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել հայ հիւանդապահուհիին ունեցած դերը` Օսմանեան կայսրութեան, Հայաստանի, Միջին Արեւելքի եւ Յունաստանի մէջ, 1900-1930 ժամանակամիջոցին:

Գիրքին բովանդակութիւնը հիմնուած է լայնատարած հետազօտութեան, մանրամասն աղբիւրներու եւ փաստավաւերական լուսանկարներու վրայ:

Նկարներու հարուստ հաւաքածոն կը ներկայացնէ հայուն կեանքը ջարդէն առաջ, եւ ապա հիւանդանոցներու, որբանոցներու եւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններու մէջ, ջարդին եւ անոր յաջորդող տաժանելի տարիներուն ընթացքին:

Ի՞նչ էր, որ մղեց տոքթ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլը` ձեռնարկելու այս գործին: Ան գիրքին սկիզբը կը յայտնէ, թէ իր ներշնչման աղբիւրը եղաւ հայ հիւանդապահուհիներու խմբանկար մը` առնուած 1921 թուին, Խարբերդի մօտ, Էննի Ռիկզ (Annie Riggs Memorial Hospital) Մեզիրէյի հիւանդանոցին մէջ:

Ան, երբ կ՛աշխատէր Սթանֆորտ համալսարանի Հուվըր լսարանի արխիւներուն վրայ, իր աչքին կը հանդիպի բժշկուհի Հռութ Ազնիւ Բարմելիի անունը, որուն արխիւներուն մէջ ան կը տեսնէ վերոյիշեալ հիւանդապահուհիներու խմբանկարը: Իր գիրքով ան փորձած է «լսելի դարձնել անոնց ձայնը եւ երախտագիտութեամբ հաստատել անոնց կատարած կարեւոր եւ անուրանալի դերը մեր ազգի պատմութեան դաժան օրերուն»:

Գիրքին վերլուծումը պիտի ներկայացնենք հետեւեալ երեք բաժիններով.

1) Պատմական տեսանկիւն:
2) Օտար հաստատութիւններու եւ մասնագէտներու դերը հայ հիւանդապահուհիներու ուսուցման եւ պատրաստութեան մէջ:
3) Հայ հիւանդապահուհիին կարեւոր դերը որբերու հոգատարութեան մէջ:

1) Պատմական տեսանկիւն.

Տոքթ. Գաբրիէլեան-Չըրչիլի գիրքը պատմականօրէն կը կեդրոնանայ Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին, քսաներորդ դարու սեմին, հայ կնոջ կարեւոր դերին վրայ` բժշկութեան եւ ընդհանուր առողջապահութեան մարզին արդիականացման մէջ: Հեղինակը կը մէջբերէ տասնհինգէն աւելի արխիւային աղբիւրներ, աշխարհի ամէն կողմերէ, այլազան լեզուներով արձանագրուած եւ փաստագրուած զանազան բժիշկներու, հիւանդանոցներու, որբանոցներու եւ բարեսիրական հաստատութիւններու կողմէ հայթայթուած լուսանկարներով: «Sisters of Mercy and Survival: Armenian Nurses» գիրքը կը ներկայացնէ վաւերական պատմութիւնը այն յառաջդիմութեան, որ հայ հիւանդապահուհին այդ շրջանին արձանագրեց բժշկական մարզին մէջ ու դարձաւ պատերազմի ստեղծած ահաւոր դժբախտութիւններէ ու փոխանցիկ հիւանդութիւններէ տառապող հիւանդին նախաձեռնարկ եղող հոգատար հրեշտակը: Հայ կինը հպարտութեամբ ընդգրկեց հիւանդապահութեան ասպարէզը` դրականօրէն նպաստելով հայ ազգին ընկերային կառոյցին:

2) Օտար հաստատութիւններու եւ մասնագէտներու դերը.-

Ցեղասպանութեան օրերուն, երբ հայ բժշկական հոգատարութեան բոլոր միջոցները քայքայուած էին, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ արեւմտեան աշխարհի մէջ ուսանած մասնագէտներն ու անոնց հաստատութիւնները հսկայական ազդեցութիւն ունեցան: Անոնք հայ կնոջ օգնութեան հասան` արդիական հիւանդապահութեան ասպարէզը մատչելի դարձնելով անոր, մարզելով զայն ու անոր մէջ արթնցնելով մարդկութեան օգտակար դառնալու մարմաջը, հայ որբը խնամելու ճամբով: Օտար հաստատութիւններ, ինչպէս` «Նիր Իսթ Ռիլիֆ» (Near East Relief) եւ Ամերիկացի կիներու հիւանդանոցներ (American Women՛s Hospitals) հիւանդապահութիւն ուսուցանելու համար դպրոցներ բացին:

Տոքթ. Գաբրիէլեան-Չըրչիլ իր գիրքով կը հաստատէ, թէ Հռութ Ազնիւ Բարմելիի, Մէյպըլ Էլլիոթի եւ Քարոլին Համիլթընի նման բժշկուհիներ, ինչպէս նաեւ` Մէյպըլ Փաուրի եւ Լորա Մըքֆեթրիճի նման հիւանդապահուհիներ ճամբայ բացին, որ հայ կինը կարենայ իրեն վստահուած դերը լիուլի կատարել որպէս հոգատար մասնագէտ` այդ ճակատագրական օրերուն: Հայ «Կարմիր խաչ»-ը, որ հետագային կոչուեցաւ Հայ օգնութեան միութիւն (ARS), ինչպէս նաեւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (AGBU) Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ մեծապէս օգտակար դարձան հայ գաղթականին` աշխատակցելով «Նիր Իսթ Ռիլիֆ» հաստատութեան կողքին: 1921-ին անոնք մանուկներու` Թուրքիոյ առաջին թոքախտանոց- հիւանդանոցը բացին, Քանատայի նիւթական օժանդակութեամբ:

3) Հայ հիւանդապահուհիին կարեւոր դերը որբերու հոգատարութեան մէջ.-

Տոքթ. Գաբրիէլեան-Չըրչիլ իր գիրքով կը շեշտէ, թէ Ցեղասպանութիւնը հիմնականօրէն բարեփոխեց հիւանդապահութեան աւանդական կերպարը: Պատերազմէն առաջ հայ կնոջ համար «անյարմար» նկատուած գործը բարեփոխուեցաւ եւ ընդունուեցաւ որպէս յարգելի, նուիրեալ եւ օգտակար պաշտօն` հայ իգական սեռին համար: Անոնք հազարաւոր գաղթականներ եւ որբեր մահէ, անօթութենէ, համաճարակէ, փոխանցիկ հիւանդութիւններէ ազատելէն զատ, մեծ դեր ունեցան հիւանդապահութեան մարզին մէջ: Հալէպի «Ալթունեան» հիւանդանոցը եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցը նաեւ մեծապէս սատարեցին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հայ հիւանդապահութեան հաստատման ու զարգացման դժուարին գործին:

* * *

Անձնական Մտորումներ

Տոքթ. Գաբրիէլեան-Չըրչիլի գիրքին վերլուծման պատիւը ինծի շնորհուեցաւ Մեղրիկ ծ. վրդ. Բարիքեանին կողմէ: Որքա՜ն ուրախ եմ, որ ընդունեցի այս առաջարկը, որովհետեւ խորանալով` այս գիրքին մէջ գտայ յատուկ եւ թանկագին կապ մը որպէս ցեղասպանութենէ վերապրող որբի մը զաւակը, որ հիւանդապահութեան ասպարէզին նուիրուած է:

Յարգա՜նք բոլոր այն հերոսուհիներուն, մասնաւորաբար` բժշկուհի Հռութ Բարմելիին եւ հիւանդապահուհի քոյր Սառա Սափրիչեանին, որոնք ջարդի դժբախտ օրերուն եղան բոլորին նուիրումի եւ զոհողութեան խորհրդանիշը: Հապա՞ այն լուսանկարները, որոնք այս գիրքին ողնայարն են, որքա՜ն խօսուն դարձան ինծի համար` մէջս արթնցնելով անբացատրելի հետաքրքրութիւն մը: Արդեօք հայրս` Գեղամ Բուչիկեանը, ո՞ր մէկն է այս որբերէն: Վերապրող որբ մը, որուն ոտքը պիտի կտրուէր թուրք բժիշկի մը կողմէ, Պոլսոյ հիւանդանոցին մէջ դարմանուած ատեն, եթէ Մարիձա հիւանդապահուհիին հնարամիտ եւ արագ միջամտութիւնը տեղի չ՛ունենար: Գեղամ Բուչիկեան իր «Յոյսի կարաւանը. հայ որբի մը յուշերը» գիրքին մէջ այդ թուրք բժիշկը կը կոչէ «Հոգէառ հրեշտակը», իսկ Մարիձան` իր «Պահապան հրեշտակը»:

Այս գիրքին հեղինակն ալ եզրակացնելով` կը հաստատէ, թէ հայ կինը, աներեւակայելի դժուար պայմաններու տակ, իր ազնուութեամբ եւ նուիրումով, դարձաւ հայ որբին պահապան հրեշտակը այդ սեւ օրերուն: Այդ նոյն վերապրող որբերը վառ պահեցին գութի, սիրոյ եւ նուիրումի ջահը, եւ ո՛ւր որ ճակատագիրը առաջնորդեց զիրենք, անոնք լուսաւորեցին իրենց շուրջը այն տաքուկ բոցով, որ երբեք չմարեցաւ իրենց սրտերուն մէջ:

Թորոնթօ

Share this Article
CATEGORIES