ՄԷԿ ԶՈՀ ԵՒ 14 ՎԻՐԱՒՈՐ` ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԱՇՏԻ ՄԸ ՏԱՆԻՔԻՆ ՓԼՈՒԶՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Հոլանտական Էնսշետ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի դաշտի մը նորոգութեան աշխատանքներուն ընթացքին, թրիպիւնի մը տանիքին փլուզումին պատճառով զոհուեցաւ անձ մը, մինչ 14 ուրիշներ վիրաւորուելով փոխադրուեցան հիւանդանոց: Անոնցմէ երկուքին վիճակը քիչ մը ծանր է:

Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ բոլոր վիրաւորները, ինչպէս նաեւ զոհ գացած անձը, դաշտին նորոգութեան մէջ աշխատողներ էին:

Նշենք, որ դաշտին մէջ նոր տարեշրջանին իր մրցումները պիտի կատարէր Թվենթէ, որ նախորդ տարեշրջանին հանդիսացաւ փոխախոյեան, իսկ 2009-2010 տարեշրջանին` ախոյեան:

Share this Article
CATEGORIES