ԶԻՆԵՏԻՆ ԶԻՏԱՆ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆՁՆԷ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ ՀԵՏ
Ֆրանսացի միջազգային նախկին մարզիկ Զինետին Զիտան, որ երեք առիթով ընտրուած էր տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ նոր պաշտօն մը պիտի ստանձնէ Ռէալ Մատրիտի հետ: Անոր նոր պաշտօնն է ֆութպոլի ցուցմունքներ տալ:
39 տարեկան Զիտան պիտի ըլլայ ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի յատուկ խորհրդատուն:
Կը կարծուի, որ Զիտան ժամանակաւորապէս պիտի ստանձնէ նաեւ պաշտօնազրկուած Խորխէ Վալտանոյի պաշտօնը. վերջինս ակումբին մէջ կը վարէր թեքնիք տնօրէնի պաշտօնը:
Նշենք, որ արժանթինցի Վալտանօ չկրցաւ իր պաշտօնին վրայ մնալ, որովհետեւ որոշ տարակարծութիւններ եւ անհամաձայնութիւններ ունեցաւ փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի հետ:
CATEGORIES Մարզական