ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» Պարախումբը Մեկնեցաւ Հայաստան Մասնակցելու «Իմ Հայաստան Բ» Փառատօնին

0107Arin2ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Արին պարախումբի  48 անդամներ` գլխաւորութեամբ իրենց գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի, բեմավար Վարդան Մկրտիչեանի եւ ՀԵԸ «Արին» պարախումբի վարչական անդամներու` երկուշաբթի, 30 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:25-ին մեկնեցան Հայաստան` մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» համահայկական Բ. փառատօնին տարբեր ծրագիրներուն:

Այս փառատօնին ընթացքին ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը պիտի ունենայ չորս ելոյթներ: Առաջին ելոյթը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 1 յուլիս 2014-ին, Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ` «Իմ Հայաստան» փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին: Երկրորդ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 3 յուլիս 2014-ին Լոռի մարզի Վանաձոր քաղաքի թատերասրահին մէջ:  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբի երրորդ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 4 յուլիսին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի փակման ընթացքին` ներկայութեամբ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին: ՀԵԸ «Արին» պարախումբի վերջին ելոյթը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 5 յուլիս 2014-ին, Արագածոտնի մարզի Օշական գիւղին մէջ, «Գիւղի տատիկ» խորագիրով բացօթեայ տօնախմբութեան ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES