Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Հալէպի Մէջ Ջուրի Տագնապը Մէկ Ամիսէ Ի Վեր Տակաւին Կը Մնայ Անլուծելի. Հայկական Կեդրոններ Կը Շարունակեն Ջրամատակարարման Ծառայութիւն Կատարել

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հալէպ կը շարունակէ դիմագրաւել ջուրի սաստիկ տագնապ:

Արդարեւ, ամիսէ մը ի վեր Հալէպի մէջ ջուրի ընկերութեան կողմէ ջուրի հոսքի դադրեցման պատճառով, հերթաբար ջրամատակարարում կը կատարուի քաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ:

Քաղաքի տարբեր կառոյցներ, ըլլան մզկիթներ կամ որոշ շէնքեր, որոնց կարգին նաեւ հայկական ակումբներ, կեդրոններ եւ եկեղեցիներ, որոնք ջրհորներ եւ ջրամբարներ ունին, կը շարունակեն ջուրի մատակարարման ծառայութիւնը կատարել անվճար:

Հայահոծ շրջաններէն Սիւլէյմանիէի մէջ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի խնամակալութեան հովանաւորութեամբ ջրամատակարարում տեղի կ՛ունենայ Ազգային «Կիւլպենկեան» վարժարանէն: Օրեր շարունակ հազարաւոր բնակիչներ անխտիր կարգ ու կանոնը առանց խախտելու կը ստանան իրենց ուզած քանակի ջուրը` անվճար:

Կ՛արժէ նշել, որ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի տղաքը հերթականօրէն օրական 7-9 ժամ տեւողութեամբ ջուր կը բաժնեն: Ջրամատակարարում կը կատարուի նոյնիսկ շարժողական ջրամբարներով:

 

Share this Article
CATEGORIES