Տահեշ Պատանդ Թուրք Վարորդները Ազատ Արձակելու Համար Իւրաքանչիւր Բեռնակառքին Համար 50 Հազար Տոլար Կը Պահանջէ

0107ISIL«Հիւրիիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ առեւանգեալ թուրքերէն մէկը յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները իրենց մօտ գտնուող 28 բեռնակառքերէն իւրաքանչիւրին համար 50 հազար տոլար փրկագին պահանջած են` ազատ արձակելու համար անոնց առեւանգուած 31 թուրք վարորդները:

Բեռնակառքերու սեփականատէր ընկերութեան պաշտօնատարներէն Մեհմեթ Քըզըլ կը յայտնէ, որ ինք կրցած է առեւանգեալ վարորդներէն մէկուն հետ հեռաձայնով խօսիլ: Վերջինս յայտնած է, որ ինքնահռչակ Իսլամական պետութեան կողմէ նշանակուած նոր կառավարիչն է, որ փրկագինը կը պահանջէ:

 

Share this Article
CATEGORIES