Զուիցերիոյ Մէջ Քայլերգի 116 Տարբերակ Առաջարկուած Է

0107swissGazeta.ru կայքը` յղում կատարելով «Տը Լոքըլ»-ին, կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ քաղաքացիներուն առաջարկուած է երկրի քայլերգի նոր բնագիրի 116 տարբերակ, որոնցմէ 70-ը գերմաներէն են, 40-ը` Ֆրանսերէն, 4-ը` Իտալերէն եւ միայն մէկը` ռոմանշերէն:

Նոր քայլերգը պիտի փոխարինէ քահանայ Ցվիսիկի կողմէ 19-րդ դարու առաջին կիսուն գրուած յայտնի զուիցերիական սաղմոսը:

Լաւագոյն քայլերգի մրցումը կազմակերպած է «Զուիցերիական բարեգործական ընկերութիւն» ոչ առետրական կազմակերպութիւնը:

Ըստ ընկերութեան անդամներուն, սաղմոսը շատ ծանր ու հանդիսաւոր է եւ ժողովրդականութիւն չի վայելեր: Բնակչութեան միայն 3 առ հարիւրը զայն ամբողջութեամբ գիտէ:

 

Share this Article
CATEGORIES