Էրտողան Պաշտօնապէս Թուրքիոյ Նախագահութեան Թեկնածու
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ պաշտօնապէս իբրեւ նախագահի թեկնածու առաջադրուելէ ետք խոստացաւ բոլորին ծառայել` նշելով, որ երբ 1994-էն 1998 Պոլսոյ քաղաքապետ ընտրուած է, ինք բոլոր պոլսեցիներուն ծառայած է անկախ, թէ անոնք որո՛ւ քուէարկած են, նոյնը կատարած է, երբ վարչապետ ընտրուած է:
«Եթէ 10 օգոստոսին նախագահ ընտրուինք, բոլորը պիտի գիտնան, որ մենք Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահը պիտի ըլլանք եւ ոչ թէ մէկ հատուածին կամ կուսակցութեան մը նախագահը: Ոչ ոք կասկած պիտի ունենայ», ընդգծեց Էրտողան:
Էրտողան 10 օգոստոսին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին կարիքը ունի քուէներուն 50 առ հարիւրը առաւել մէկ քուէ ապահովելու 24 օգոստոսի երկրորդ փուլէն խուսափելու համար:
CATEGORIES Միջազգային

