Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարէն պահանջեց հանրապետութեան միւֆթիի պաշտօնին համար իր թեկնածութիւնը չառաջադրել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ուարտէ, պատասխանելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութեան, յայտնեց, որ իրենք դէմ են սահմանադրական փոփոխութիւններուն, ինչ ալ ըլլայ անոնց կրած խորագիրը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի ողջունեց երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա կը ձգտի քրիստոնեայ համայնքին վերադարձնել իր իրաւունքները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի կոչ ուղղեց կարգաւորելու սահմանադրական հաստատութիւններուն կեանքը եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելը առաջնահերթութիւն նկատեց:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի Ը. նիստէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի պատասխանէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութեան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժամաա Իսլամիէի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատու Ազզամ Այուպի յայտնեց, որ իրենք չեն զօրակցիր ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ յայտարարուած Իսլամական խալիֆայութեան պետութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը կը փաստէ, թէ ան իր յոյսը կտրած է նախագահական ընտրութեան իմաստով Մուսթաքպալ հոսանքին զօրակցութենէն:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ կառավարութիւնը իր հինգշաբթի օրուան նիստին ընթացքին Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու որոշումը վաւերացնէ առանց որեւէ հարցի:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ ինք կը մերժէ սահմանադրական որեւէ բարեփոխում կատարել, նախքան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն մասին մտածելը եւ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն վերջ տալը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էտմոն Ռըզք շեշտեց, որ կարելի չէ ամէն քայլափոխի երկրին վարչակարգը փոփոխութեան ենթարկելու քայլերուն դիմել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը հակասահմանադրական է, կը հարուածէ երկրին ազգային ուխտը եւ կը թաղէ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ Ազատականներու կուսակցութիւնը երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կեցուածքները նկատեց լիբանանեան վարչակարգին եւ ազգային սկզբունքներուն վնաս հասցնող սկզբունքներ:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Պաղեստինը պիտի մնայ արաբ ազգին կողմնացոյցը եւ այն կշիռը, որուն շուրջ սկզբունքներու յանձնառութիւնը պէտք է հաւասարակշռել:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Ֆուատ Սաատ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահական նկրտումները շատ աւելի վտանգաւոր են, քան Լիբանանի դէմ գործուող ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Լիբանանի հարցերը կը լուծուին հանրապետութեան նախագահը ուղղակիօրէն ժողովրդային քուէարկութեամբ ընտրելով եւ ընտրական արդար օրէնք մը վաւերացնելով:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան դէմ հարուածներուն հետեւանքները ուղղակիօրէն կը վնասեն բոլորը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

