Մուսթաքպալ Պլոքը Նախագահի Ընտրութիւնը Առաջնահերթութիւն Կը Նկատէ
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ պլոքը կառչած կը մնայ ազգային համերաշխութեան եւ գոյակցութեան, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան վրայ հիմնուած ժողովրդավարական վարչակարգին եւ խաղաղ կերպով իշխանութիւնները պահպանելու եղանակին` նկատի ունենալով շրջանին դիմագրաւած պայմանները:
Երեսփոխան Զիատ Քատիրի, որ կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքին համար նախագահական ընտրութիւնը կը մնայ առաջնահերթ` աւելցնելով, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պէտք է վերջ տան նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելուն եւ առաջադրեն իրենց նախագահական թեկնածուն:
Անդրադառնալով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութեան` Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ ազգային սկզբունքները կամ ուխտը փոփոխութեան ենթարկելու համար անհրաժեշտ է ազգային երկխօսութիւն եւ խորհրդակցութիւններ կատարել:

