Պքերքէ Մտահոգ Է Նախագահական Թափուր Աթոռին Իրավիճակով
Պքերքէի յատուկ աղբիւրներուն համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մտահոգ է նախագահական թափուր աթոռին իրավիճակով:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Պքերքէ կը մերժէ սահմանադրական որեւէ բարեփոխում կատարել` նախքան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթը, Պքերքէի այցելուներէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը գրէ, թէ Ռայի պատրիարքը ունեցած է հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Իննսունական թուականներուն Պքերքէի հետ զօր. Միշել Աունի ունեցած բախումը Լիբանանը հասցուց իր այդ վիճակին եւ Ռընէ Մուաուատի սպանութեան, հետեւաբար կը վախնամ, որ Պքերքէի հետ զօր. Աունի ներկայիս ունեցած բախումին հետեւանքը ըլլայ Լիբանանի նահատակութիւնը»:
CATEGORIES Լիբանանեան

