Մաշնուք. «Երկրին Ապահովական Կացութիւնը Հակակշիռի Տակ Է, Իսկ Պայթումները Ձախողած Են` Հակառակ Արձանագրուած Վնասներուն»

Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի նիստէն պահ մը
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական ցանցերը հետապնդելու ձեւերը, որոնց առումով տրուեցան շարք մը որոշումներ:
Ապա Մաշնուք ընդունեց Լիբանանի դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որմէ ստանձնեց նիւթական օժանդակութիւն մը` Ռումիէի բանտին պայմանները բարելաւելու նպատակով:
Հանդիպումին ընթացքին Մաշնուք շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութեան տրամադրուած այս գումարը Լիբանանի դրամատուներու միութեան ազգային պատասխանատուութեան ցուցանիշ է:
Մաշնուք յայտնեց, որ երկրին ապահովական կառոյցները զգաստ են եւ մէկզմէկու հետ կը գործակցին` համադրելու համար ստացուած բոլոր տեղեկութիւնները:
«Երկրին ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ է, իսկ պայթումները ձախողած են` հակառակ արձանագրուած վնասներուն», շեշտեց Մաշնուք:

