Ժահժահ Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխաններուն Մասնակցելու Խորհրդարանի Այսօրուան Նիստին

0101GeagaԼիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ բաց նամակով մը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն մասնակցելու նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստին, կատարելու համար իրենց ազգային պարտականութիւնը` ժամանակ կորսնցնելու փոխարէն:

«Ձեր նուազագոյն պարտականութիւնն է հաւատարիմ մնալ քաղաքացիներուն, որոնք ձեզ ընտրած են: Անհատներն ու պատասխանատուները կու գան եւ կ՛երթան, իսկ երկիրներն ու պետութիւնները պիտի շարունակեն մնալ», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES