Մուքպել Հանդիպում Մը Ունեցաւ Զօր. Քահուաժիի Հետ Եւ Քննարկեց Ռումիէի Վերաբերող Հարցեր
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Զինուորական ատեանի նախագահ Խալիլ Իպրահիմը, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրը, Զինուորական վճռաբեկ ատեանի դատախազ Սամիր Աքիքին եւ Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները, Ռումիէի բանտին եւ բանտարկեալներուն վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ արգելափակեալներուն դատավարութիւնը արագացնելու առումով որդեգրուած քայլերը:
Մուքպելի այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, փոխվարչապետին հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` դիմադրելու համար ահաբեկչական արարքներուն:

