Փարիզի Մէջ . Սլէյման – Ժոմպլաթ Հանդիպում

Զօր. Սլէյման եւ Ժոմպլաթ
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին սպառնացող ապահովական մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու եւ Լիբանանը շրջանային տագնապներուն հետեւանքներէն պաշտպանելու կարեւորութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

