Պըրրի Ընդունեց Ֆըրզլին

Ֆըրզլի եւ Պըրրի

Ֆըրզլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան, ինչպէս նաեւ ապահովական իրադարձութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը ազգային իսկական երկխօսութեան կը ծառայէ:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի, որ Պըրրիի հետ քննարկեց Լիբանանի, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի շրջանին ապահովական իրավիճակը:

Share this Article
CATEGORIES