«Ապտալլա Ազզամ Փաղանգները» Կը Սպառնան Հըզպալլային

0107Azzam BrigadesԱհաբեկչական արարքներու եւ շարք մը պայթումներու պատասխանատուութիւնները ստանձնած «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ»-ու բանբեր Սրաժէտտին Զրէյքաթ երէկ Հըզպալլային սպառնաց` խոստանալով անոր դէմ ահաբեկչական արարքներու նոր ալիք մը գործել:

Զրէյքաթ Հըզպալլայէն պահանջեց անմիջապէս Սուրիայէն դուրս գալ` աւելցնելով, որ եթէ ահաբեկչութիւնը Հըզպալլայի բոլոր ոճիրներուն պատասխանը կը նկատուի, ապա Հըզպալլա պէտք է սպասէ ահաբեկչական այնպիսի գործողութիւններու օղակի մը, որ մոռացութեան պիտի ենթարկէ նախկինները:

Զրէյքաթ Հըզպալլան ամբաստանեց Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթները պայթեցնելու, Ապրայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթը հրկիզելու, շէյխեր եւ երիտասարդներ սպաննելու, ձերբակալումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ Ռաֆիք Հարիրին, Ֆրանսուա Հաժը, Ուալիտ Իտոն, Ժըպրան Թուէյնին, Սամիր Քասիրը, Ուիսամ Հասանը եւ Մոհամետ Շաթահը սպաննելու յանցանքներով:

Զրէյքաթ յայտնեց, որ արաբ ազգը գիտցած է Հըզպալլայի ճշմարտութիւնը. ան քաջ գիտէ, որ Հըզպալլան կը պաշտպանէ Իսրայէլի հետ սահմանները եւ կը ձերբակալէ Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակում կատարողները:

Զրէյքաթ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան նկատեց մեծագոյն ոճրագործը` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի մէջ կը գործեն իսրայէլեան Մոսատի ցանցեր: «Հըզպալլա Հալէպի մէջ սպաննեց կիներ եւ երեխաներ, շրջափակեց արեւելեան Ղութան, տիրեց Քալամունին եւ ռմբակոծեց հարաւային Դամասկոսի խաղաղ բնակչութիւնը», ըսաւ ան:

ՄԻՒՍ կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 800 կրամ կշռող ական մը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն պայթած է Պապ Ռամըլի մէջ (Թրիփոլի), բանակի շրջուն մէկ ջոկատին այդ շրջանէն անցած պահուն, առանց մարդկային վնասներ պատճառելու:

Բանակի հրամանատարութիւնը շրջափակեց պայթումին վայրը եւ այդ միջադէպին մասին հետաքննութիւն բացաւ:

Share this Article
CATEGORIES