Ելեկտրականութիւնը Պիտի Սղի 1 Օգոստոսէն Սկսեալ. Հասարակական Ընդվզումը Կը Սաստկանայ

0107handznajoxov1Հայաստանի Հանրապետութեան Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբը երէկ քննարկեց ելեկտրականութեան սղումի հարցը, իսկ անոր զուգահեռ, յանձնախումբի կեդրոնի մուտքին մօտ շարունակուեցան բողոքի ցոյցերը` ընդդէմ սղումին:

Յանձնախումբի նիստին մասնակցեցան նաեւ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական քառեակի ներկայացուցիչները:

Յանձնախումբի նիստին մտնելէն առաջ, ՀՅԴ-ի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտարարած է, որ իրենք ժողովուրդի կողքին են, պիտի պայքարին ելեկտրականութեան սղումին դէմ եւ պատրաստ են անգամ մը եւս դիմելու Սահմանադրական դատարան: Հաւաքուած ցուցարարները ոստիկանութենէն պահանջած են, որ իրենք եւս ներս մտնեն եւ մասնակցին քննարկումներուն, սակայն յանձնախումբին հետ խորհրդակցելէ ետք, իբրեւ ցուցարարներու ներկայացուցիչ, առաւելագոյնը 5 հոգի կրնար մասնակցիլ քննարկումներուն` տեղի չգոյութեան պատճառով: Ի վերջոյ ցուցարարներէն 2 ներկայացուցիչներ մասնակցեցան քննարկումներուն, մինչ դուրսը քաշքշուկ սկսած էր ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ, որովհետեւ վերջինները փորձած էին փողոցը փակել:

Յանձնախումբը որոշեց 1 օգոստոսէն սկսեալ բարձրացնել ելեկտրականութեան գինը, իսկ ցուցարարները իրենց վճռականութիւնը յայտնեցին մինչեւ վերջ պայքարելու սղումի որոշումին դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES