Սարգսեան. «Հայաստան Հաւատարիմ Է Կանխիչ Դիւանագիտութեան»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան

Միջազգային կազմակերպութիւններու խաղաղարարական գործողութիւնները էական դեր կը խաղան արդի աշխարհին մէջ. անոնք խաղաղ միջոցներով հակամարտող կողմերուն միջեւ երկխօսութեան յարուցման եւ հաստատման ճամբով, ներքին եւ միջազգային տագնապներու սրումը կանխող կարեւոր գործիք են: Այդ մասին ըսուած է «ՄԱԿ-ի սկզբունքներու եւ չափանիշներու հիման վրայ ազգային եւ շրջանային խաղաղարարական ներուժերուն համարկումը խաղաղ գործողութիւններու համընդհանուր համակարգին մէջ» միջազգային գիտաժողովի կազմակերպիչներուն, մասնակիցներուն եւ հիւրերուն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած ուղերձին մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը իր ուղերձին մէջ ընդգծած է, որ Հայաստան լաւ կը հասկնայ երկխօսութեան, դէպի փոխըմբռնման ձգտման, վէճերու նկատմամբ ռազմամոլական մօտեցումներէն հրաժարելու նշանակութիւնը:

«Հայաստան, իբրեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան հիմնադիր պետութիւն, Պայմանագիրի միւս մասնակիցներուն հետ միասին կը հաստատէ իր հաւատարմութիւնը կանխիչ դիւանագիտութեան` իբրեւ անվտանգութեան արդիւնաւէտ ապահովման եւ տագնապներու կանխարգիլման կարեւոր միջոց: «Մենք կը մեկնինք այն մօտեցումէն, որ սոյն կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու առաջնահերթութիւններուն կարեւոր բաղադրատարրն է միջազգային եւ շրջանային ապահովութեան ամրապնդման նպատակով իրականացուող խաղաղարարական գործունէութիւնը», իր ուղերձին մէջ գրեց Սերժ Սարգսեան:

 

Share this Article
CATEGORIES