Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մշակութային նախաձեռնութեան մը ձեր մասնակցութիւնը պիտի բերէք: Ստեղծագործական ներդրումին հետ կազմակերպական աշխատանքին օգտակար պիտի ըլլաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նախաձեռնող էք, ձեր խանդավառութիւնը պիտի ըլլայ վարակիչ, մանաւանդ` երիտասարդներուն համար, որպէսզի մնայուն ներկայութիւն ըլլան նման նախաձեռնութիւններու:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հետաքրքրուեցէք ձեզմէ հեռու ապրող ձեր հարազատներուն կամ բարեկամներուն հետ: Անոնք ունին հետաքրքրական նորութիւններ` ձեզի փոխանցելու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ մտահոգուիք, երբ աննշան արգելք մը կը խանգարէ ձեր օրը: Հետեւեցէք օրուան գործառնութեան արդիւնքներուն եւ մոռցէք մնացեալը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Քալեցէք ինքնավստահ եւ ձեր ճակատը բարձր, հեռու` երազային տրամադրութենէ: Կարողութիւնը ունիք նոր միտքեր յղանալու եւ ձեր ոտքերը ամուր դնելու հողին:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կը սիրէք երաժշտութիւնը, արուեստը: Այսօր ներկայ պիտի ըլլաք թատերական կամ գեղարուեստական ներկայացումի մը: Պիտի ներշնչուիք, պիտի մտադրէք գործի անցնիլ` արտայայտելու համար ձեր շնորհները:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ժպիտը ուժ մըն է, որ ձրի կը բաշխուի: Կրնաք ձեր ժպտուն դէմքով ձեր շուրջը ստեղծել համակրանք` ձեր անձին նկատմամբ: Սէրն է կեանքը գեղեցկացնողը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր պաշտօնական թուղթերը դասաւորեցէք, որովհետեւ անոնք շատ կարեւոր են ձեր անձնական հաշիւները կամ նիւթական պարտաւորութիւնները դասաւորելու համար:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Սիրոյ բնոյթի ժամադրութիւն մը պիտի ունենաք: Օրը պատմական կրնայ ըլլալ: Հարկ է ըլլաք ճկուն եւ հաճոյակատար: Կրնաք յաջողիլ անկասկած:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մարզանքը մի՛ մոռնաք, առողջ մնալու երաշխիքն է: Մի՛ մոռնաք լողալուն օգուտը: Ժամանակ տրամադրեցէք այս մարզանքին հետեւելու: Օրը ունի լաւ պայմաններ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երջանկութիւնը նոյնիսկ փոքր պատահարներու կամ երեւոյթներու մէջ է: Հարստութիւնը չէ երջանկացնողը, այլ ձեր հաւատքը` հանդէպ բնութեան բարիքին:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մուրհակ ունիք վճարելու, մասնավճար կամ նիւթական այլ պարտաւորութիւն: Կատարեցէք զանոնք` առանց մոռացութեան տալու, որպէսզի դժուարութեան չմատնուիք:

Share this Article
CATEGORIES