50 Տարի Առաջ (3 Յուլիս 1964)

Պէյթէտտինի Կախարդական Պարահանդէսը

5 Գեղուհիներ, Թանկագին Քարերով Պճնուած,
Պիտի Ներկայացնեն Հինգ Ցամաքամասերը

Օտար Հիւրերը Սկսան Հասնիլ

Փարիզի կոմիտէի նախագահ եւ «Պալ տէ Փըթի Լի Պլան»-ի կազմակերպիչ պարոնուհի Սէօյիէր, որ կիրակի օր Պէյրութ ժամանեց` վերջին կարգադրութիւնները ընելու «Տարուան ամէնէն երկար պարահանդէս»-ին, մամուլին հաղորդեց իր վերջին տպաւորութիւնները. «Պիտի ուզէի շեշտել այս փորձին բոլորովին նոր կողմին վրայ, որ բազմաթիւ հեռանկարներ կը բանայ մեր առջեւ ապագայի համար»: Փարիզեան իր վերջին օրերը անցուցած է օտար մասնակցողներու հետ պատրաստութիւններ եւ շփումներ ունենալով. «Անոնք մասնաւորաբար կը տեսնեն պարահանդէսին կախարդական կողմը: Չէք գիտեր, թէ մեզի համար ի՛նչ կը ներկայացնեն Արեւելքի գիշերները»: Տօնախմբութեանց յայտագիրը քիչ մը խճողուած չէ՞: Ժպիտ մը: «Երիտասարդները (ու անոնք բազմաթիւ են) ուրախ պիտի ըլլան յոգնելով»:

Օտար մասնակցողներու հրաւէրներ շատ խնդիրներ յարուցեցի՞ն: «Խնդրագիրներ ստացանք անձերէ, որոնք կ՛ուզէին Լիբանան գալ: Բայց շատեր վերջին պահուն հրաժարեցան զանազան պատճառներով…»:

Հետաքրքրական Մանրամասնութիւններ

Մեծ եղած է Ռընէ Լամպերի զարմանքը` երեքշաբթի առտու բանալով «Լ՛Օրիան»-ի էջերը եւ տեսնելով, որ Ժան Փաթուի կողմէ յատկապէս իրեն համար գծուած հագուստը Էսէյլիի հագուստէն բնաւ տարբերութիւն չունի: Յուսախաբութեան առաջին վայրկեանները անցընելէ ետք, Լամպեր անմիջապէս հեռաձայնային շփման մէջ մտած է Փարիզի հետ` պարահանդէսի ուրիշ հագուստ մը ապսպրելու համար շուտով…

Կարգ մը վայելչագեղներ վախնալով, որ իրենց հագուստը կը ճմռթկուի Պէյթէտտին հասնելէ առաջ, շրջանի բնակիչներէն սենեակներ վարձած են, որպէսզի կարողանան տեղւոյն վրայ հագնիլ եւ պալատի մուտքին երեւնալ անեղծ թարմութեամբ:

– Երեքշաբթի մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ` պարահանդէսին յատուկ: Ներկայ էին` Տարտօ (ԱՖՓ), Քարոլին Մաք-Քոլլու («Իվնինկ Սթար»), Նոէլ Հըտսընի (Ռոյթըր), Ի. Քամինալլա («Տը Թայմզ»), Հուտա Սաուայա («Ինթերվավիա»), Էլի Պուլոս («Տի Էրէպ Ուորտ»), Ճորճ Պիթար (Եունայթըտ Փրես ինթէրնէշընըլ), Ճ. Ալես Մոնիս Որդի («Նիուզուիք»), Նիքոլա Տամիանի (Էսոշիէյթըտ Փրես) եւ Ապու Սայէտ Ապու Ռըզք («Թայմ-Լայֆ»):

Հինգ Երկրամասեր

Պարահանդէսին համար առջի օր Փարիզէն ժամանեցին հինգ մանըքեններ, որոնք պիտի կրեն 18 միլիոն ֆրանք արժէքով գոհարեղէններ:

Քասթրա` գերմանուհին, զմրուխտներով պիտի զարդարուի ու պիտի ներկայացնէ Հարաւային Ամերիկայի պետութիւնները:

Իաա Արսալ` սեւամորթուհին, պիտի ներկայացնէ Ափրիկէն` ադամանդներով պճնուած:

Վեսնա (Եուկոսլաւիա) սափիրաներով զարդարուած` պիտի ներկայացնէ Եւրոպան:

Այքօ հնդկաչինուհին Ովկիանիան եւ Թահիթին պիտի ներկայացնէ մարգարիտներով:

Իսկ Չան Լօ Ան սուտակներով պճնուած` պիտի ներկայացնէ Երկրային կայսրութիւնը ու Ճափոնը:

Տասը թիկնապահներ պիտի ընկերանան այս մանըքէններուն կամ աւելի ճիշդը` գոհարեղէններուն:

 

Հայաստան

Նոր Գիրքեր Հայաստանի Մէջ

«Մարդը ափի մէջ» (Պարոյր Սեւակ) – Պարոյր Սեւակ իր ինքնատիպ գրիչը ունեցող այն հայ բանաստեղծներէն է, որոնց ամէն մէկ ստեղծագործութիւնը կ՛արժանանայ գրասէր հասարակութեան ուշադրութեան: Անոր այս հաւաքածոն կը բովանդակէ զանազան առիթներով եւ տարբեր ժամանակներու մէջ գրուած հարիւրէ  աւելի բանաստեղծութիւններ, որոնք ներկայացուած են հետեւեալ բաժիններուն մէջ` «Նոյն հասցէով», «Թռուցիկ երգեր», «Մարդը ափի մէջ», «Ականջդ բեր ասեմ», «Հարկ հոգեկան», «Եւ այր մի` Մաշտոց անուն…», «Ուշացած իմ սէր», «Երգ երգոց» եւ «Նահանջ երգով»:

«Պատերազմ է յայտարարուել» (Ուիլիըմ Սարոյեան).- Վերջին երկու տարիներուն Հայպետհրատը «Պատմուածքներ 20-րդ դարի» խորագրին տակ հրապարակ հանեց համաշխարհային գրականութեան լաւագոյն գրական գործերը: Այդ գրքոյկներուն մէջ կը ներկայացուին գիծեր հեղինակին կեանքէն եւ գործէն: Ու. Սարոյեանի «Պատերազմ է յայտարարուել» պատմուածքներու հետ միասին («Օձ», «Խեղճուկրակ արաբը», «Այգու ձմեռային գործաւորները») ներկայացուած են այս գրքոյկին մէջ:

Մուրացան («Երկերի ժողովածու», հատոր վեցերորդ).- Այս հատորին մէջ զետեղուած է արձակագիր եւ թատերագիր Մուրացանի «Ռուզան» պատմական թատերակը, ինչպէս նաեւ հետեւեալ արձակ գործերը` «Թէ ինչու իմ ստորագրութիւնը չընդունեցին», «Յատուկ թղթակիցը», «Առաքեալը» եւ «Գթութեան քոյրերը»: Համառօտ ծանօթագրութիւններ կը ներկայացնեն այս պատմուածքներուն եւ թատերակին զանազան հրատարակութիւններուն մանրամասնութիւնը, որոնք, անշուշտ, հետաքրքրական են բանասէրներուն եւ գրականագէտներուն համար:

Վահան Տէրեան («Երկերի ժողովածու», հատոր երրորդ).- Այս գիրքով վերջ կը գտնէ Վ. Տէրեանի գործերուն ամբողջական հաւաքածոն: Ընթերցողը այս հատորին միջոցով պիտի ծանօթանայ բանաստեղծին թարգմանութիւններուն եւ թարգմանական փորձերուն, որ ան կատարած է Էմիլ Վերհարնէն, Վալերի Բրիւսովէն, Օսկար Ուայլտէն, Շարլ Պոտլերէն եւ ուրիշներէ: Առանձին հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն անոր փոքրիկ արձակ բանաստեղծութիւնները: Վ. Տէրեանի նամակները եւ հեռագիրները` ուղղուած իր շրջանի անուանի մտաւորականներուն, նոր անկիւններով կը բացայայտեն անոր հարուստ ներաշխարհը: «Խօսք Տէրեանի մասին» վերջաբանը մանրակրկիտ վերլուծում մըն է հայ ականաւոր բանաստեղծին ստեղծագործութեան մասին: Օգտակար ուղեցոյց է «Անձնանուններու բառարանը»: Հատորը կազմած եւ ծանօթագրած է Վաչէ Պարտիզունի, որ միաժամանակ վերջաբանին հեղինակն է: Այս եռահատոր հրատարակութեամբ Վ. Տէրեան աւելի լրիւ ձեւով կը պատկերանայ ընթերցող հասարակութեան աչքին առջեւ:

«Պերճ Պռօշեան» (Ս. Մանուկեան).- «Նշանաւոր մարդկանց կեանքը» խորագրին տակ լոյս տեսաւ Պերճ Պռօշեանի կեանքին նուիրուած գիրք մը: Գեղարուեստական արձակին հնարաւորութիւնները օգտագործելով` Ս. Մանուկեան մեզի կը ներկայացնէ անուանի հայ արձակագրին անցած ուղին` մեծ արտայայտչականութեամբ բացայայտելով ժամանակաշրջանին եւ վայրին գունագեղութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES