Տի Մարիա Որոշեց Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն
Սպանական «ԱՍ» մարզական օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող արժանթինցի միջազգային միջնապահ Անխել Տի Մարիա որոշած է հեռանալ արքայական ակումբէն եւ միանալ այլ կազմի մը:
Ան արդէն իսկ դիմած է իր ակումբին պատասխանատուներուն` իր փոխանցման կարգադրութիւնները դասաւորելու համար:
Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, անոր փոխանցման համար Ռէալ Մատրիտ կը պահանջէ 50 միլիոն եւրօ:
Ցարդ Տի Մարիայով հետաքրքրուած են Փարիզ Սեն Ժերմեն, Մոնաքօ, Մանչեսթըր Սիթի եւ Եուվենթուս:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ 34 մրցումի ընթացքին նշանակեց 4 կոլ:
CATEGORIES Մարզական

