Մարատոնա. «Փելէն Եւ Պեքընպաուըրը Ապուշ Են»

0107maradonaԱրժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա, պրազիլցի Փելէն եւ գերմանացի Ֆրանց Պեքընպաուըրը անուանած է… ապուշներ, կը յայտնէ ArmSport.am` իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ:

Մարատոնայի այս ձեւով արտայայտուելուն պատճառը այն է, որ անոնք երկուքը համաձայն գտնուած են Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լուիս Սուարեսը կախակայելու ՖԻՖԱ-ի որոշումին:

«Այդ ապուշները շատ անհիմն բաներ կը խօսին եւ կը կատարեն Սեփ Պլեթըրի հրամանները: Անոնք այդքան բարձրաձայն խօսելու կարիքը չունին, որովհետեւ Փելէն իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին քանի մը ֆութպոլիստներ հաշմանդամ դարձուցած է, մինչ Պեքընպաուըր բազմիցս իր մրցակիցներուն արմուկով հարուածած է», ըսած է Մարատոնա:

 

Share this Article
CATEGORIES