2014-ի Մոնտիալ. Շքոտրան Մուսթաֆիի Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ
Երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, թէեւ Գերմանիա 2014-ի Մոնտիալի 1-16-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին յաղթեց Ալճերիոյ եւ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, սակայն անիկա կորսնցուց իր մէկ մարզիկը` յետսապահ Շքոտրան Մուսթաֆին, որ 70-րդ վայրկեանին վիրաւորուելով այլ մարզիկով մը փոխարինուեցաւ:
Մրցումէն ետք Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ ըսաւ, որ Սամտորիայի յետսապահը, որ վիրաւորեց իր ծունկը, 2-էն 3 շաբաթ դաշտ չի կրնար ներկայանալ, ինչ որ կը նշանակէ, որ անոր համար այս մրցաշարքը աւարտած է:
CATEGORIES Մարզական

