Ըստ Սպանական Մամուլին. Պարսելոնա Կը Փորձէ Լիվըրփուլէն Ձեռք Ձգել Սուարեսը

0107suarez«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» պարբերաթերթին համաձայն, Պարսելոնա նախնական համաձայնութեան եկած է Լիվըրփուլի հետ` անոր ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեսը ձեռք ձգելու նպատակով:

Կը կարծուի, որ քաթալոնական ակումբը 27 տարեկան ֆութպոլիստին հետ չորս տարուան համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէ: Շատ հաւանական է, որ Սուարես տարեկան Պարսելոնայէն գանձէ 8 միլիոն եւրօ:

Եթէ կողմերը իրարու հետ յաջողին համաձայնիլ, պայմանագրութեան մէջ պիտի նշուի, որ Սուարեսին բացարձակապէս կ՛արգիլուի խածնել մրցակից կազմին մարզիկները: Այս քայլով Պարսելոնայի պատասխանատուները պիտի փորձեն կանխարգիլել հետագայ հաւանական որակազրկումները:

 

Share this Article
CATEGORIES