ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Պասքեթպոլի Խումբը Կը Տիրանայ Բաժակին
Տարիներէ ի վեր սպասուած ժամը ահա հասաւ, եւ անգամ մը եւս ՀՄԸՄի մարզիկները բարձրացուցին պասքեթպոլի բաժակը:
Անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանի ախոյեանութեան երկրորդ դիրքը գրաւելէ ետք, երկուշաբթի, 30 յունիս 2014-ին ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը պարտութեան մատնեց Լիբանանի ախոյեան Ռիատիի խումբը, բաժակի մրցումներու աւարտական խաղին: Խաղի լման տեւողութեան ՀՄԸՄ-ի խումբը պահեց իր առաջնակարգ դիրքը եւ 52-39 արդիւնքով արձանագրեց իր յաղթանակն ու տիրացաւ բաժակին:
Շեփորախումբի թմբուկն ու համակիրներու քաջալերանքը եռանդով եւ խանդավառութեամբ լեցուցին դաշտը, իսկ մարզիկները շատ լաւ խաղ մը ներկայացուցին ներկաներուն:
Կը շնորհաւորենք մարզիկներն ու խումբի վարչական պատասխանատուները:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի համակիրները:
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը:
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ի համակիրներու խումբը:
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը:
Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր:
ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԻՐ ՄԸ

