2014-ի Մոնտիալ. Արժանթին Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը… Առանց Տպաւորելու. Պելճիքա – Միացեալ Նահանգներ` 2-1

Տի Մարիայի նշանակած կոլը
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի 1-16-րդ հանգրուանի ճակատումները աւարտեցան երէկ, երբ յստակացան այն վերջին երկու խումբերը, որոնք ստացան քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:
«Արենա տը Սան Փաուլօ»-ի մէջ աւելի քան 63 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած Արժանթին – Զուիցերիա մրցումը աւարտեցաւ երկարաձգման ընթացքին միայն` նկատի ունենալով, որ 90 վայրկեանները աւարտեցան ճերմակ հաւասարութեամբ:
Շուրջ 5 վայրկեան տեւած դադարէ մը ետք, խումբերը շարունակեցին իրենց այս մրցումը: Կը կարծուէր, որ մրցումը կ՛ուղղուի դէպի երկարաձգում, սակայն հարաւային ամերիկեան խումբը 118-րդ վայրկեանին յաջողեցաւ կոլ մը նշանակել` շնորհիւ Անխել Տի Մարիայի, որ սքանչելի փոխանցում մը ստացաւ խմբապետ Լիոնել Մեսսիէն:
Սակայն հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին, Արժանթին չյաջողեցաւ տպաւորել ֆութպոլասէր հասարակութիւնը:
Նշենք, որ օրուան իրաւարարն էր շուէտացի Եոնաս Էրիքսըն:

Տի Մարիայի նշանակած կոլը
Այսպիսով, Արժանթին, որ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, այժմ իր դէմ պիտի ունենայ Պելճիքան, որ երկարաձգման ընթացքին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միացեալ Նահանգները:
Նկատի ունենալով, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով, դիմուեցաւ երկարաձգումի:
Պելճիքայի կոլերը նշանակեցին Քեւին տը Պրիւյն (93-րդ) եւ Ռոմելու Լուքաքու (105-րդ), իսկ ամերիկացիներուն կոլը` Ժիւլիըն Կրին (107-րդ):
Մրցումին ներկայ էր 51 հազար հանդիսատես:
Նշենք, որ այսօր եւ վաղը մրցում տեղի պիտի չունենայ:

