ՍԱՄՈՒԷԼ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԵՂԱՒ
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` երէկ Շիրակ Գիւմրի յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Սամուէլ Պետրոսեանը:
Պետրոսեան, որ իր պաշտօնը ստանձնեց նախորդ դեկտեմբերին, թէեւ իր կազմին հետ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին հասաւ, սակայն քիչ մը ծանր պարտութիւն կրեց Միքայէն` 4-1 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի այս տարեշրջանին, բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան առաջին կէսէն ետք անոր կազմը 13 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը (8 խումբերուն մէջ):
Կ՛ակնկալուի, որ այս շաբաթավերջին կամ առաւելագոյնը մինչեւ յառաջիկայ շաբաթասկիզբ Շիրակ Գիւմրի ունենայ իր նոր մարզիչը:
CATEGORIES Մարզական