«ԹՈՒՐ ՏԸ ՖՐԱՆՍ» – ՔԱՒԵՆՏԻՇ ՏԻՐԱՑԱՒ 7-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ – ՀՈՒՍՀՈՎՏ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՌԱՋԻՆ
Երէկ տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»ի 7-րդ հանգրուանի մրցումը` Լը Մանսէն Շաթորու (218 քկ):
Անիկա աւարտեցաւ անգլիացի հեծելանւորդ Մարք Քաւենտիշի (Էյչ. Թի. Սի.) յաղթանակով. ան ժամանման գիծ հասաւ` արձանագրելով 5 ժամ 38 վայրկեան եւ 53 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Անոր նման նոյն արդիւնքը արձանագրեցին շարք մը այլ հեծելանւորդներ:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ Թհոր Հուսհոֆտ (Նորվեկիա, Կարմին) մնաց առաջին (28 ժամ 29′ 27″) իր ունեցած մէկ երկվայրկեանի առաւելութիւնը պահելով իր ետին գտնուող աւստրալիացի Քէյտըլ Իվընզի վրայ (Պի. Էմ. Սի.):
CATEGORIES Մարզական