ԻՏԱԼԱՑԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻՉ ԿՈՒՏԻՆՕ ԱՒԱՐՏԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐԱԾ ԻՐ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՄԱՐԶՈՒՄՆԵՐԸ
Անթունիէ Պաապտա համալսարանին յատուկ հրաւէրով վերջին չորս օրերուն Լիբանան կը գտնուէր Եուվենթուսի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարմնամարզիչ Քլաուտիօ Կուտինօ:
Իտալացի մարմնամարզիչը Լիբանանի մէջ իր քառօրեայ կեցութեան ընթացքին ֆութպոլի մարզին մէջ գործող շարք մը մարզիկներու եւ մարզիչներու յատուկ ցուցմունքներ եւ ուղղութիւններ տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Ֆիզիքապէս լաւ պատրաստուած ըլլալ ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին:
Ան գործակցած է բազմաթիւ անուանի մարզիչներու հետ, որոնց կարգին` փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ:
CATEGORIES Մարզական

