Ճշդապահութիւն Եւ Մանրուքներ
«Ժամանակը ոսկի է», կ’ըսէ ամերիկացին: Այդ կը կրկնենք Մարք Թուէյնի լեզուով, որ ցուցամոլիկ զարգացման արտաքին նշանն է: Կա՞յ բան, որ չկապկենք արդիականութեան դատարկապաշտութեամբ:
Արմենակ, Էլպիս, Մակարուհին եւ ես հայկական ձեռնարկի մը գացինք: Հակառակ մեր փորձին` ճշդուած ժամէն առաջ հասանք, որպէսզի իրարանցում չըլլայ: Մեր լամբակին ժապաւէն կպցուցին, ծախսերուն համար. սրահ, նուագող, երգիչ: Չենք վարժուած, որեւէ պարագայի, բանախօսին կամ դասախօսին պատուագին, ինչպէս կ’ըսեն Հրազդանի ափին` հոնարար, վճարել, բան չնշանակող գիրի-գրչի մարդէն զոհողութեան պահանջի առարկութեամբ:
Զարդարուած լամբակներով սրահ մտանք: Թռչկոտող երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ կային, ի պաշտօնէ: Մեծկակ եւ շքեղ սրահին մէջ, որուն վարձքը հաւանօրէն հայկական վարժարանի քանի մը աշակերտի կրթաթոշակէն աւելի էր, նստած էին քանի մը յառաջացեալ տարիքի այրեր եւ կիներ: Կը սպասէին` հայերէն խօսք լսելու ծարաւով:
Տեղաւորուեցանք: Արմենակ յարեց.
– Լա՛ւ որ կանուխ հասանք, յարմար տեղ գտանք:
Քանի մը անձեր ալ եկան` իրենց ընկերացող պատանի զաւակներով:
Յայտարարուած ժամուն սրահը կ’արձագանգէր դատարկութեամբ: Յետոյ` կէսով: Երբեմն կը լսուէր ջութակի մը ճղրտոցը:
Վայրկեանները կը սահէին: Հատուկենտ մարդիկ կը հասնէին` շորորալով եւ շաղակրատելով: Յարգարժաններու համար նախատեսուած առաջին կարգի աթոռները լուռ կը սպասէին: Արմենակ, ըստ իր լուռ չմնալու սովորութեան, ըսաւ.
– Ասոր կ’ըսեն` հայկական ժամադրութիւն…
– Այս քաղաքներուն մէջ քիչ մը ուշացում հասկնալի է. խճողում, ինքնաշարժին տեղ մը ճարել, ծանօթի մը բարեւ տալու քաղաքավարութիւն,- ըսի:
– Ինչո՞ւ չես ըսեր նաեւ` ճշդապահները պատժելու ակրեսիա…
Պատասխանէի ճշդապահութեա՞ն, թէ՞ ակրեսիային:
Հանդիսավարը բեմ եկաւ: Ներողութիւն խնդրեց ուշացման համար, որ իր երկարութեամբ կարծէք յայտագրին կարեւոր մասն էր: Հրաւիրեց, որ նոր հասնողները իրենց տեղերը գրաւեն:
Ճառեր: Անխուսափելի բարձրախօսային փող-թմբուկի աղմուկին մէջ կորսուած երգի պէս բաներ, առանց որոնց` սրահ չի լեցուիր:
Կէս գիշերուան մօտ էր: Սրահէն դուրս կու գայինք եւ մեր մօտէն կ’անցնէր հանդիսավար շնորհալին:
– Օրիո՛րդ, ինչո՞ւ որոշեալ ժամուն չէք սկսիր:
Ան, ակներեւ դժգոհութեամբ, պատասխանեց.
– Մեր մեղքը չէ, ժողովուրդն է յանցաւոր, ժամուն չեն գար:
Ըսաւ եւ պիտի երթար, եթէ Արմենակ զինք չկեցնէր:
– Բայց ո՞վ է կազմակերպողը, դո՞ւք, թէ՞ ժողովուրդը: Ինչո՞ւ ճշդապահները կը պատժէք սպասցնելով: Ո՞վ կ’արգիլէ որոշեալ ժամուն սկսիլ: Ճշդապահութիւնը կրթութիւն է: Եթէ վարժեցնէք, ժողովուրդը կը վարժուի:
Շնորհալին գլուխը շուռ տուաւ եւ արագ հեռացաւ: Քննադատութիւնը հայհոյանքի պէս բան մըն է:
Արմենակ, իր ձեւով, եզրակացուց.
– Ուշացում կամ ոչ, կարեւորը յաջորդ օրուան թերթն է, առաջին աթոռներու լուսանկարով, որպէսզի ըսուի, թէ յորդող բազմութիւն կար, ինչ որ բարենիշ պիտի համարուի:
Մտաբերեցի.
– Ժամանակին, Արեւելքի քաղաքներուն մէջ հանրակառքեր կային, որոնք ճամբայ կ’ելլէին… երբ լեցուէին: Այդպէս են մեր հանդէսները: Մենք աւանդապահ ենք: Սրահը հանրակառքին պէս է, պէտք է լեցուի ճամբայ ելլելէ առաջ:
Էլպիս քրթմնջեց.
– Ե՛ւ կը դժգոհիք, ե՛ւ կ’երթաք:
Մակար,
ի Պերիտոն, 28 յունիս 2014

