Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քուէյթ

Հայրապետական Մաղթանք Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Եւ Պարգեւատրում Գառնի Եւ Բարտի Պետիրեաններու

2706kuweitՅունիս 27-ին Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 19-րդ տարեդարձին առիթով:

Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս ծ. վրդ. Զոպուեան իր քարոզին մէջ վեր առաւ վեհափառ հայրապետին  նուիրեալ ծառայութիւնը եկեղեցւոյ ու ազգին` անդրադառնալով անոր ջանքերով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ստացած փայլքին` տեղական եւ մանաւանդ միջազգային շրջանակներու մէջ:

Իր քարոզի աւարտին Մասիս ծ. վրդ. Զոպուեան խորան հրաւիրեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն Գառնի եւ Բարտի Պետիրեանները եւ զանոնք պարգեւատրեց գնահատանքի եւ օրհնութեան գիրերով` եկեղեցւոյ բերած անոնց աւելի քան 12 տարուան ծառայութեան առ ի գնահատանք: Ան գնահատեց անոնց մնայուն, հետեւողական, բծախնդիր եւ լուրջ մասնակցութիւնը պատարագներուն եւ հոգեպարար արարողութիւններուն: Նկատի ունենալով, որ անոնք բաժնուելով գաղութէն` իրենց ուսումը պիտի շարունակեն Լիբանանի մէջ, հայր սուրբը բարի երթ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց: Հայր սուրբը այս առթիւ գնահատեց դպրաց դասի անդամները եւ կոչ ուղղեց ծնողներուն` իրենց զաւակները անդամագրելու համայնքի ազգային եւ եկեղեցական զանազան միութիւններուն մէջ` այդտեղ կազմաւորուելու ազգային ու քրիստոնէական արժէքներով:

 

Նոր Ջուղա

Տօն` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի
Վիրապէն Ելլելու

2106krikorՅունիս 21-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի վիրապէն դուրս բերուելու տօնին առիթով  Նոր Ջուղայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ` նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ներկայացուց օրուան խորհուրդը` շեշտելով լուսաւորչեան հաւատքի առանձնայատկութիւններն ու զօրութիւնը, որ օրինակ պէտք է հանդիսանայ իւրաքանչիւր հայորդիի. ան յորդորեց ներկաները` իրենց հաւատքին մէջ ամուր եւ անվախ մնալու:

Պատարագի աւարտին, աջի օրհնութեամբ կատարուեցաւ  ջրօրհնէքի արարողութիւն:

Աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն  ընթացքին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Եկեղեցւոյ հովիւ Խաչատուր քհնյ. Զարգարեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Իր կարգին, Բաբգէն եպս. Չարեան շեշտեց  ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ բազմամարդ եւ միասնական ներկայութեան կարեւորութիւնը:

«Կաքաւիկ» Մանկական Հանդէսի
Տեսալսողական Երկու Դաստիարակչական
Սկաւառակներու Շնորհահանդէս

1306gakavigՆախաձեռնութեամբ «Կաքաւիկ» մանկական հանդէսի տնօրէնութեան եւ հովանաւորութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Կրօնական խորհուրդին, 13 յունիսին Հայ դատի յանձնախումբի կեդրոնատեղիի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օրօր ու Նանի» եւ «Մանկական տօնախաղը» տեսալսողական սկաւառակներուն շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկի հաղորդավար Թովմա սրկ. Գալստանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ քրիստոնէական դաստիարակութեան վերաբերեալ այս կարեւոր գաղափարին ներկայացնողը եղած է «Կաքաւիկ» մանկական հանդէսի տնօրէն Ժուլիէթ Դաւթեանը` հովանաւորութեամբ սրբազան հօր, Կրօնական խորհուրդին եւ համագործակցութեամբ Քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդին, աւելցնելով, որ այս աշխատանքը կը ծառայէ մանուկ-պատանիներուն, որպէսզի իրենց գիտակցութեան ձեւաւորման առաջին իսկ պահերէն ստանան քրիստոնէական, հայեցի դաստիարակութիւն:

«Կաքաւիկ» մանկական հանդէսի տնօրէն Ժուլիէթ Դաւթեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց «Կաքաւիկ» մանկական հանդէսին պատմականը`  յայտնելով նաեւ, որ հանդէսին առաքելութիւնն է հայ մատաղ սերունդին սորվեցնել հայոց լեզուն, հայկական սովորութիւններն ու աւանդոյթները, փոխանցել ազգային արժէքները, մանուկներու ոգին լեցնել հայ ըլլալու հպարտութեամբ եւ այս բոլորը`  մանկական, զուարճալի ու հետաքրքրաշարժ միջոցներով:

Այնուհետեւ ան ներկայացուց երկու տեսալսողական սկաւառակները, որմէ ետք իւրաքանչիւր սկաւառակէն ցուցադրուեցան որոշ բաժիններ:

Կրօնական խորհուրդի անդամ Սաւօ Տէր Յովհաննիսեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ ներկայ համաշխարհայնացման պայմաններուն մէջ, երբ վտանգուած են մշակոյթն ու կրօնը, նման նախաձեռնութիւնները եւ աշխատանքները կը ծառայեն որպէս հայու ինքնութեան եւ արժէքներու զարգացման միջոց:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, որ իր հպարտութիւնը յայտնեց այս աշխատանքի իրագործման եւ նախաձեռնողին հետեւողականութեան համար:

Հարկ է նշել, որ այս աշխատանքի իրագործման մէջ իրենց աջակցութիւնը բերած են` Լեռնիկ Ծատուրեան, Մհեր Պօղոսեան եւ Դրօ Մարգարեան:

 

Ատրպատական

Բացում Ատրպատականի Ազգային
Առաջնորդարանի Պարտէզին

2006bardezԿազմակերպութեամբ «Ալիք» հաստատութեան Թաւրիզի մասնաճիւղին եւ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանին,  20 յունիսին տեղի ունեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի պարտէզին բացման հանդիսութիւնը, որ այս տարի կը կրէր «Ֆութպոլային դաշտահանդէս» ընդհանուր խորագիրը:

Պաշտօնական բացման երեկոյի կազմակերպիչները յաջողեցուցած էին տարբեր տարիքի ներկաներուն ճաշակը գոհացնող զբօսանքներ, խաղեր ու զուարճալիքներ ստեղծել:

Յայտնենք նաեւ, թէ Թաւրիզի քաղաքապետութեան կողմէ մանկական արդիական խաղեր` սահնակներ եւ օրօրոցային ճօճանակներ յարմարցուած էին շրջափակին մէջ` որպէս նուէր Թաւրիզի քաղաքապետ դոկտ. Նեճեֆիին կողմէ, առաջնորդ սրբազանին` իրեն տուած պաշտօնական այցելութեան առիթով:

 

Յունաստան

Համազգայինի Պարային Ելոյթներ

Greece_barՎերջերս Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան պարի միաւորը ունեցաւ յաջորդական պարային երեք ելոյթներ.

* Առաջին ելոյթը տեղի ունեցաւ Աթէնքի «Լորտ Պայրըն» քոլեճին մէջ, ուր ամէն տարի դպրոցական ամավերջին տեղի կ՛ունենայ ազգագրական պարերու ելոյթ մը, տրուած ըլլալով, որ սոյն քոլեճին մէջ կ՛ուսանին տարբեր ազգութիւններու պատկանող աշակերտներ:

Վերջին տարիներուն Համազգայինի երկսեռ պարախումբը ներկայութիւն է քոլեճի բեմին վրայ, ուր միաժամանակ յատուկ տաղաւարներով իւրաքանչիւր մասնակից ազգութիւն կը ներկայացնէ իր ազգի պարերը, ճաշերը, սովորութիւնները, իւրայատուկ կերպով գունաւորելով օրուան ձեռնարկը:

Համազգայինի պարախումբի «Նանօր» խումբը ունեցաւ տպաւորիչ ելոյթ մը:

* Յունաստանի մէջ վրացական դեսպանատան կից գործող վրացալեզու վարժարանի հիմնադրութեան 10-ամեակին առիթով, Աթէնքի քաղաքապետական մշակութային կեդրոնին մէջ, «Աթինայիքօ» թատրոնի բեմէն ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Նանօր» խումբը:

* Համազգայինի պարախումբի երկրորդ ելոյթը տեղի ունեցաւ պոնտոսցիներու միութեան կազմակերպած յոբելենական ամէնամեայ հանդիսութեան, որ կազմակերպուած էր Նիքէայի, Այ Եաննի Ռենտիի եւ Քորիտալոսի պոնտական համադրող միութեան կողմէ:

Համազգայինի պարախումբի «Նանօր» եւ «Նայիրի» խումբերը մասնակցեցան քանի մը պարերով` «Քաթրաքիօ» թատրոնին մէջ:

Համազգայինի Երաժշտանոցի
Աշակերտներու Ելոյթ

1406hamazkayinՅունիս 14-ին Նէա Զմիռնիի «Ղալաքսիաս» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Յունաստանի Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան երաժշտանոցի  աշակերտներուն ելոյթը:

Համերգին բացումը կատարեց  Վիքի Մաղաքեան, որ բացատրեց Համազգայինի երաժշտանոցին բնոյթն ու դերակատարութիւնը: Դաշնակով, կիթառով, խմբային նուագակցութեամբ, մեներգով ու զուգերգով հանդէս եկան 12 երաժիշտներ` Սանտրա Գիքեան, Վիգէն Բարսեղեան, Էլիզ Մանկոյեան, Նաթալի Թիթոյեան, Մարիանթի Քուրեմենու, Վերժին Գասարճեան, Ազատ Մինասեան, Վարդուհի Գասարճեան, Ռոզի Չիլինկիրեան, Հրայր Քիւրքճեան, Կարին Ղեւոնդեան, որոնք մեկնաբանեցին անուանի յօրինողներու ստեղծագործութիւններ, ինչպէս` Պերկովիչ, Ֆ. Շուման, Պրամս, Աննա Մակտալենա Պախ, Արամ Խաչատուրեան, Սահակ արք. Այվազեան, Տիմիթրի Քապալեւոքի, Հենտել, Ալեքսանդր Հեքիմեան, Շոփեն, Մոցարթ, Ա. Բաբաջանեան, Ա. Սպենդիարեան:

 

Ֆրանսա

Անիէս Վահրամեան Նշանակուած Է
«
Ֆրանս 2» Պատկերասփիւռի Կայանի
Լուրերու Բաժինի Խմբագրապետ

France2_vahramianՏարի մը առաջ ֆրանսական պետական պատկերասփիւռի «Ֆրանս 2» կայանի խմբագրութեան փոխտնօրէնուհի նշանակուելէ ետք, Անիէս Վահրամեան նշանակուեցաւ երեկոյեան ժամը 8:00-ի լրատուութեան խմբագրապետ: Կայանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ այս պաշտօնը կը յանձնուի կնոջ մը: Անիէս Վահրամեան «Ֆրանս 2» մուտք գործած է 1991-ին, վարժողական դասընթացքի մը համար: 1994-ին ան սկսած է աշխատելու իբրեւ լրագրող` կայանի արտաքին քաղաքականութեան սպասարկութեան բաժինին մէջ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Սոնա Զէյթլեան` Կ՛ընդգծէ
Հայ Կնոջ Առաքինութիւնը

1306zeitlianԿազմակերպութեամբ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին եւ Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանին, 13 յունիսին տեղի ունեցաւ Սոնա Զէյթլեանի հեղինակած եւ 2013-ին Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակին արժանացած  «Հայ կնոջ կեանքի ուղիին հետքերով» գիրքին շնորհահանդէսը:

Գիրքը ներկայացուց հեղինակը, որ նկատել տուաւ, թէ տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու տակ հայ կինը ազգային շահերու գիտակցութիւն ցուցաբերած է` հայեցի կրթութեան տարածման, հանրային եւ բարեգործական աշխատանքներու, ազատագրական պայքարին, քաղաքացիական իրաւունքի ճանաչման, հրապարակագրական ու հանրային առողջապահական ասպարէզներուն մէջ: Ան նաեւ վաւերագրական փաստերով եւ օրինակներով ներկայացուց հայ կնոջ դերը զանազան պատմական հանգրուաններու ընթացքին:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ հայ կիներու արուեստի գործեր` հին եւ նոր ժամանակներէ: Մասնակցող արուեստագիտուհիներն էին` Ռիթա Ջանիկեան, Արփինէ Շախբանտարեան, Ճէյն Հաշոլեան եւ այլն:

 

Վրաստան

Վրաստանի ՀՕՄ-ի Կազմակերպութեան`
Շարադրական Մրցում Ծալկայի Մէջ

Վրաստանի ՀՕՄ-ը ստեղծագործական շարադրութեան եւ հայոց պատմութեան մրցում կազմակերպեց նաեւ Ծալկայի մէջ` Ախալքալաքէն եւ Ախալցխայէն ետք: Ծալկայի մէջ 12 հայկական գիւղեր եւ համապատասխան հայկական դպրոցներ կան, եւ այս տարի տուեալ մրցումը կատարուեցաւ այս շրջանի գիւղերու կեդրոն նկատուող Ղուշչի գիւղին մէջ: Ստեղծագործական շարադրութեան մրցումին մասնակցեցան աւելի քան 30 աշակերտներ, իսկ հայոց պատմութեան մրցում տեղի չունեցաւ` մասնակիցներու բացակայութեան պատճառով:

Շարադրական մրցումի մասնակից աշակերտները ընտրած էին Ցեղասպանութեան նիւթը. ուսուցիչները արդէն իսկ «Այլեւս երբե՛ք Ցեղասպանութիւն» խորագիրով յատուկ դասապահեր կազմակերպած էին: Մրցումին սկիզբը իր քաջալերանքի խօսքը փոխանցեց ՎՀՕՄ-ի ատենապետ Կարինէ Թադեւոսեանը:

Յատկանշական էր, որ մրցումի մասնակից աշակերտներուն դէմքը խոժոռ էր, որովհետեւ անոնց գծած պատկերները կու գային Հայոց ցեղասպանութենէն: Այս տարի սովորականէն տարբեր խանդավառութիւն կար, որովհետեւ նիւթը կը յուզէր բոլորը, հոգեհարազատ էր անոնց եւ կ՛ուզէին իրենց ապրումները արտայայտել իրենց գրիչով:

Մրցումին մասնակիցներէն Մանուշակ Յարութիւնեանը «Բաց նամակ աշխարհի բարի մարդկանց» վերնագիրով գրութեան մէջ անարգանքի սիւնին կը գամէ ցեղասպանութիւն իրականացնող թուրքերը եւ կը խնդրէ ամբողջ աշխարհէն, որ քաջատեղեակ ըլլան հայերուն դէմ կատարուած ոճիրին եւ հարցը լուծուի յօգուտ հայերուն: Ան իր նամակին մէջ մտահոգութիւն կը յայտնէր այն մասին, որ եթէ այս հարցը լուծում չստանայ, ապա ոչինչ կ՛երաշխաւորէ, որ նոյն բանը չկրկնուի: Կար նաեւ այլ կարեւոր ու յիշատակման արժանի աշխատանք մը, որուն անդրադարձաւ մրցումին ստուգող յանձնաժողովի մասնագէտներէն մէկը` Վաչագան Ռստակեանը: «Նամակ` թուրք անծանօթ հասակակցիս» խորագիրով շարադրութեան մէջ աշակերտը կը պատմէ անակնկալ երազին մասին, որուն մէջ թուրք հասակակից Ալիին կը հանդիպի, որ կը խնդրէ նամակ գրել: Ստեղծագործութեան հեղինակը, առանց ատելութեան շեշտի, հետաքրքրական միտքի թռիչքի շնորհիւ ու պատմութեան քաջատեղեակութեամբ, նուրբ ու արտայայտիչ կերպով շարադրած է իր միտքերը: Հետաքրքրականը այն է, որ աւարտին թուրք հասակակից Ալին կը յայտնուի Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ուստի աղջկան նամակը արդիւնք կու տայ: Աւարտին, նամակին մէջ կը նշուի. «Հող` առանց ժողովրդի, ժողովուրդ` առանց հողի»: Խօսքը Արեւմտեան Հայաստանի մասին է, որ առանց օրինական տէրերուն մնացած է:

Share this Article
CATEGORIES