Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Ազդակ» Այցելութիւնը

DSC09471Վաստակաշատ երգահան, Հայաստանի քոմփոզիթորներու միութեան երկարամեայ նախագահ եւ հեղինակային երգերու մեկնաբան Ռոպերթ Ամիրխանեան երէկ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ մօտէն ծանօթացաւ թերթին առօրեայ աշխատանքներուն եւ ապագային ծրագիրներուն:

Այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ հարցազրոյց մը ունենանք վաստակաշատ արուեստագէտին հետ: Ռ. Ամիրխանեան ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ իր հայրենիքին ու ժողովուրդին ցաւերով ու երազներով ապրող հայ արուեստագէտի յանձնառութեամբ խօսեցաւ հայրենի մեր առօրեայ հարցերուն, բայց յատկապէս հայ երգարուեստը յուզող հիմնախնդիրներուն մասին:

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ պիտի հրատարակենք հետագային:

Share this Article
CATEGORIES