Ռուսիա Անցում Կը Կատարէ Դէպի Տնտեսութեան Հնգամեայ Ծրագրում

0207_5-years«ԼայֆՆիուզ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը կ՛անցնի տնտեսական եւ ընկերային զարգացման հնգամեայ ծրագրաւորման: Յստակ նպատակային ցուցանիշներու հասնելու շուրջ առաջին հնգամեակի ծրագիրը նախատեսուած է, որ այս տարուան յուլիսին ներկայացուի նախագահ Վլատիմիր Փութինին:

Կազմուած ծրագիրը պիտի քննարկուի կառավարութեան նիստերուն եւ պիտի հաստատուի հրամանագիրով: Վեցամսեայ հերթականութեամբ հնգամեակի գործադրումը պիտի քննարկուի կառավարութեան նիստերուն ընթացքին:

Ըստ աղբիւրին, Ռուսիան պիտի զարգացնէ ամէն մարզ, որ հպարտութիւն կ՛առթէր իրեն խորհրդային շրջանին, այսինքն` մեքենաշինութիւն, աշխատաշուկայ եւ ճարտարագիտութիւններ:

Նշենք, որ տնտեսութեան հնգամեայ ծրագրաւորումը կը կիրարկուէր Խորհրդային Միութեան մէջ: Ատիկա առաջին անգամ կիրարկուած է 1928-ին:

Share this Article
CATEGORIES