«Սուրիոյ Հարցով Բանակցութիւնները Պիտի Չվերսկսին, Մինչեւ Նոր Միջնորդի Մը Նշանակումը» Կ՛ըսէ Կաթիլով

Կենատի Կաթիլով

Կենատի Կաթիլով

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն քանի մը թեկնածուներ նկատի ունի Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակի պաշտօնին համար, իսկ մինչեւ նոր միջնորդի նշանակումը Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւնները պիտի չսկսին:

«Ընդհանուր քարտուղարը տակաւին չէ կողմնորոշուած Իպրահիմիին յաջորդելիք թեկնածուի հարցին մէջ: Մենք անոր կը յորդորենք ատիկա կարելի եղածին չափ շուտ ընել` մեկնելով բանակցային հոլովոյթին մէջ երկարատեւ դադար չարտօնելու անհրաժեշտութենէն», յայտնած է Կաթիլով:

 

Share this Article
CATEGORIES