Քերրի. «Թեհրանին Քիչ Ժամանակ Մնացած Է Հիւլէական Ծրագիրին Վերաբերեալ Համաձայնութեան Գալու»

Ճոն Քերրի

Ճոն Քերրի

«Արապիյա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի` անդրադառնալով միջազգային քաղաքական օրակարգի ամէնէն կարեւոր խնդիրներուն, ըսած է, որ Թեհրանին քիչ ժամանակ մնացած է հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ միջազգային ընտանիքին հետ համաձայնութեան գալու»:

Բանակցային հերթական փուլի նախաշէմին Քերրի Իրանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ճիշդ որոշում տալու եւ ապացուցելու աշխարհին, որ իրենց երկրին հիւլէական ծրագիրը բացառապէս խաղաղ բնոյթի է:

Իրանի ու Վեցեակին միջեւ բանակցութիւնները երէկ ընթացք առին Վիեննայի մէջ եւ պիտի տեւեն մինչեւ 20 յուլիս, որ համաձայնութեան գալու վերջին ժամկէտն է:

«Համաձայնութեան գալու համար նախատեսուած ժամանակը կը սպառի, այլեւս ձգձգելու տեղ չկայ: Միացեալ Նահանգներն ու իրենց գործընկերները համաձայն չեն ժամանակ երկարելու` հերթական բանակցութիւններու սկսելու համար: Իրան պէտք է վերջնական որոշում տայ», յայտնած է Քերրի:

Share this Article
CATEGORIES