Տահեշ Հեռահար Հրթիռներ Ունենալը Կը Յայտարարէ
«ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, կը հաղորդէ, որ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն խմբաւորումը (ՏԱՀԵՇ) յայտարարած է, որ իր տրամադրութեան տակ երկու հեռահար հրթիռ ունի:
Խմբաւորման անդամները համացանցի վրայ հրապարակած են լուսանկարներ եւ տեսանիւթ, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքի հրապարակին վրայ «Փի-17» (ՕԹԱՆ-ի չափանիշերով` «Սքատ») հրթիռ կ՛անցնի` ռուսական արտադրութեան բեռնատարի վրայ: Յստակ չէ, թէ անիկա արդեօք իսկական վտանգ կը ներկայացնէ՞, թէ՞ ոչ:
Զինեալները նաեւ տեղադրած են լուսանկարներ, որոնց մէջ, ինչպէս իրենք կը պնդեն, Մուսուլի մէջ իրաքեան բանակէն գրաւուած ամերիկեան երեք «Էմ198 հաուպից»-ներ կ՛երեւին:
Պաղտատի Կը Խոստանայ
Ժողովրդավարութիւնը Ջախջախել
ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատի Խալիֆա հռչակուելէն ետք իր առաջին ձայնային ուղերձին մէջ յայտնեց, որ ներկայիս աշխարհը բաժնուած է երկու կողմերու` Իսլամական պետութեան զօրակցողներ եւ անհաւատներ:
Պաղտատի քննադատեց աշխարհիկութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ ազգայնական շարժումները, իսկ խալիֆայութեան հռչակումը ուժի ազդակ նկատեց:
Պաղտատի ըսաւ, որ Իսլամական պետութիւնը իսլամներու համար է` աւելցնելով, որ Սուրիան եւ Իրաքը սուրիացիներուն եւ իրաքցիներուն համար չեն: Ան կոչ ուղղեց գաղթելու բոլոր անոնց, որոնք կրնան «խալիֆայութեան պետութիւն» գալ: Ան նաեւ խոստացաւ գրաւել Հռոմը:
Միւս կողմէ` Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ Իսլամական պետութիւնը «Հալէպի վիլայէթ»-ին մէջ ազատ արձակած է իր մօտ գտնուող 100 արգելափակեալներ` իսլամական խալիֆայութեան հաստատման առիթով «հաւատացեալներու իշխան» Ապուպաքր Պաղտատիի հրապարակած ներումի հրամանագիրին հիմամբ:

