Ամերիկացի Ծերակուտականը Կ՛այցելէ Ազրպէյճանցի Քաղաքական Բանտարկեալներու Ընտանիքներուն

Քրիսթըֆըր Սմիթ

Քրիսթըֆըր Սմիթ

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ գտնուող ամերիկացի ծերակուտական, Հելսինքեան յանձնախումբի համանախագահ Քրիսթըֆըր Սմիթ երէկ այցելած է Ընտրութիւններու վերահսկման կեդրոնի արգելափակուած ղեկավար Անար Մամետլիի հօր:

Քաղաքական բանտարկեալին հայրը` Ասեֆ Մամետով, Սմիթը տեղեակ պահած է իր որդիին դէմ ներկայացուած անհիմն մեղադրանքին մասին: Ծերակուտականը իր կարգին ըսած է, որ կը հետեւի գործին եւ յառաջիկային նոյնպէս ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պիտի պահէ զայն:

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի մը ընթացքին արծարծած է քաղաքական բանտարկեալներուն հարցը:

Share this Article
CATEGORIES