Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Պքերքէի աղբիւրներ յայտնեցին, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդվզած է նախագահական ընտրութեան նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութեան դէմ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ տակաւին թագաւորական թոյլտուութիւն չէ ստացած` Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հետ հանդիպիլ կարենալու:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երկրին տագնապին լուծման մասին չի մտածեր, այլ` Պաապտայի նախագահական պալատ մուտք գործելու մասին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ժամաա Իսլամիէիի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ազզամ Այուպի յայտնեց, որ այս հանգրուանին իսլամական խալիֆայութեան յայտարարութիւնը պարզապէս տեղեկատուական աղմուկ մըն է, որ շրջանին վարչակարգերուն կողմէ իբրեւ ներդրում կ՛օգտագործուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երկրին քաղաքական կուսակցութիւնները դէպի քանդում կ՛առաջնորդեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն իրականութեան նկատմամբ ցուցաբերուած այս անտարբերութիւնը բաւական վտանգաւոր է:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարի տարազը փոխարիներու լիբանանցի քաղաքացիին անվտանգութիւնը երաշխաւորելու տարազին հետ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը 300 լ. ոսկիով սղած է, իսկ մազութինը` 200 լ. ոսկիով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութեան ո՛չ համաձայն կը գտնուինք եւ ո՛չ ալ կը մերժենք զայն, որովհետեւ անիկա կարիք ունի ազգային ընդարձակ քննարկումի»:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը յետամնաց է: Այդ նախաձեռնութիւնը անկարելի է գործադրել, որովհետեւ ան մեզի կը վերադարձնէ դէպի համայնքային ծայրայեղութեան շրջան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ կարելի չէ օրէնսդրական գործունէութիւն կատարել, նախքան նախագահական պաշտօնի դատարկութան լուծում մը գտնելը: Ան շեշտեց, որ նախագահական թափուր աթոռը պատճառ կը դառնայ նաեւ երկրին ապահովական ապակայունութեան:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Նահար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններէն, յայտնեց, որ նախագահական ընտրութենէն առաջ կատարուած սահմանադրական որեւէ բարեկարգում հակաօրէնսդրական է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր, որ Թաէֆի համաձայնագիրին լոյսին տակ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն իրաւունքները գողցուին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին խոստացած էր զինք հանրապետութեան նախագահ ընտրել` զօր. Միշել Սլէյմանի նստաշրջանը երկարաձգելէ ետք:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը տակաւին կը շարունակուի ինչպէս որ էր, իսկ նախագահական աթոռը ցարդ կը մնայ թափուր:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը յեղաշրջում է եւ նախագահական աթոռը երկար ժամանակի համար թափուր պահելու քայլ մը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական աթոռին թափուր մնալը ահաբեկչութեան վտանգին չի համընկնիր:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժեր անդրադառնալով զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութեան շեշտեցին, որ ան կ՛ուզէ սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին դէմ յեղաշրջում կատարել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն վերասերտելու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը, որ լուրջ եւ ժողովրդավարական է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES