Ժահժահ. «Սահմանադրութեան Բարեփոխում Կատարելու Յարմար Հանգրուանի Մը Մէջ Չենք Գտնուիր»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ ներկայիս առկայ հարցը նախագահական ընտրութեան հարցն է, եւ սահմանադրութեան բարեփոխում կատարելու յարմար հանգրուանի մը մէջ չենք գտնուիր:
Ան ըսաւ, որ նման նախաձեռնութիւններուն նպատակն է նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստէն լիբանանցիներուն ուշադրութիւնը շեղել:
«Կասկած կա՞յ այսօր, թէ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքը ամէնէն աւելի կը ներկայացուին Սամիր Ժահժահով եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունով: Ուրեմն ինչո՞ւ չենք ուղղուիր դէպի խորհրդարան եւ չենք մրցիր` գործնականապէս իրականացնելով սահմանադրական բարեփոխումի առաջարկը», հարց տուաւ Ժահժահ:
Ան կոչ ուղղեց զօր. Աունի ուղղուելու խորհրդարան, առաջադրելու իր թեկնածութիւնը եւ մասնակցելու նախագահական ընտրութեան:
Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է շրջանի տագնապներէն հեռու մնայ` աւելցնելով, որ Հըզպալլա պէտք է Սուրիայէն եւ Իրաքէն Լիբանան վերադառնայ:

