Էլիաս Ապու Սաապ. «Կառավարութիւնը Իր Յաջորդ Նիստին Ընթացքին Պիտի Քննարկէ Լիբանանեան Համալսարանի Դասախօսներուն Թղթածրարը»

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ:

Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Ապու Սաապ յայտնեց, որ անոնց միջեւ գոյացած է Լիբանանեան համալսարանին վերաբերող համաձայնութիւն մը:

Ապու Սաապ աւելցուց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն թղթածրարը:

Իր կարգին, Սինիորա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքին եւ կրթութեան նախարարին միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է Լիբանանեան համալսարանի նախագահներու նշանակումին եւ դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու թղթածրարին շուրջ:

 

Share this Article
CATEGORIES