Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Սթրիտա Ժահժահն Ու Քէյրուզը

Ժահժահ, զօր. Քահուաժի եւ Քէյրուզ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններ Սթրիտա Ժահժահն ու Էլի Քէյրուզը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Եարզէ այցելեց նաեւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց կայանի փոխնախագահ Քարմա Խայեաթ եւ լրագրող Ժորժ Սալիպի: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ ներխուժումներ կատարեց Թարիք Ժտիտէի մէջ եւ կատարեց շարք մը ձերբակալութիւններ:
Նշենք նաեւ, որ Պաալպեքի մէջ դատական իշխանութեան ոստիկանութիւնը կատարեց խուզարկութիւններ եւ ներխուժումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալեց Մոհամետ Շամաս անունով յանցագործ մը: Ներխուժումին ընթացքին վիրաւորուեցան սպայ մը եւ զինուոր մը:

